ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի դրամատուներու մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիները ներկայացնող միութիւններէն «Սարխաթ Մուտիհին»ը Երեքշաբթի օր կազմակերպեց բողոքի ցոյց մը, որ սկսաւ առաւօտեան ժամը 10ին, «Աուտէ» դրամատան Կեդրոնական Պէյրութի գլխաւոր կեդրոնին դիմաց:
Փողոց իջած տասնեակներով քաղաքացիներ փորձեցին «Աուտէ» դրամատուն ներխուժել:
Անոնք փողոցը անիւներ հրկիզեցին եւ քանդեցին ելեկտրոնային դրամարկղը:
Այդ պատճառով ալ արձանագրուեցան բախումներ եւ քարկոծում` ցուցարարներուն եւ դրամատան պահակներուն միջեւ, որոնց պատճառով արձանագրուեցան վիրաւորներ:
Ապա ցուցարարները ուղղուեցան դէպի Պէյրութի քաղաքապետարան եւ խորհրդարանի շրջակայքը, ուր կատարեցին բողոքի այլ ցոյց մը` պահանջելով դրամատուներէն վերադարձնել իրենց գումարները:
Ցուցարարներուն միացաւ փոփոխութեան երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ, որ հաստատեց նախագահական ընտրութիւն իրականացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի երկրին քաղաքական եւ սահմանադրական կեանքերը կանոնաւոր դառնան:
Խալաֆ ընդգծեց, որ ինք ամբողջովին կը զօրակցի դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն:
Նշենք, որ Կեդրոնական Պէյրութի եւ խորհրդարանի շրջակայքը որդեգրուած էին ապահովական խիստ միջոցառումներ, մայրաքաղաքին մէջ կը գտնուէին մեծ թիւով ապահովութեան ուժեր, իսկ ցոյցին ընթացքին անոնց եւ ցուցարարներուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ, որոնք պատճառեցին վիրաւորներ:
Նկատի ունենալով այս իրավիճակը` ցուցարարները հաստատեցին, որ իրենց հարցը ապահովութեան ուժերուն հետ չէ, այլ` քաղաքական դասին եւ դրամատուներուն: Անոնք շեշտեցին, որ իրենք պիտի դիմեն մագլցողական քայլերու, մինչեւ որ կարենան ստանալ իրենց իրաւունքները:
Կարգ մը ցուցարարներ ուղղուեցան վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի բնակարանը, որուն մուտքին անոնք կրակ վառեցին եւ փորձեցին փշաթելերը շրջանցելով՝ ներս մտնել: Ապահովութեան ուժերը ցուցարարները ցրուելու նպատակով արցունքաբեր կազեր արձակեցին, ինչպէս նաեւ անոնց վրայ պայթուցիկներ նետեցին:
Կէսօրին ցուցարարները ուղղուեցան Դրամատուներու միութեան կեդրոնը, ուր անոնք դարձեալ անիւներ հրկիզեցին եւ միութեան կառոյցին ուղղութեամբ պայթուցիկներ նետեցին: