ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանամերձ գօտիին մէջ բնապահպանական իրավիճակի գնահատման հարցով ԵԱՀԿ առաքելութեան անդամները Հոկտեմբեր 9ին ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մասիս Մայիլեան:
Ողջունելով առաքելութեան անդամները՝ Մասիս Մայիլեան ընդգծեց, որ ԼՂՀ իշխանութիւնները միշտ բաց են միջազգային գործակցութեանց համար եւ ձեռնարկած են ամէն ինչ, որ ԵԱՀԿի դիտարկումը տեղի ունենայ: Նշելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը միջազգային հանրութեան հետ հաղորդակցուելու հարուստ փորձ ունի, ԼՂՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի տեղակալը ընդգծեց տուեալ առաքելութեան տարբերակիչ առանձնայատկութիւնը՝ ատրպէյճանցի փորձագէտներու մասնակցութիւնը:
Իր հերթին առաքելութեան ղեկավար, ԵԱՀԿ տնտեսութեան եւ շրջակայ միջավայրի հարցերով համակարգող Պէռնար Սնոյ (Պելճիքա) երախտագիտութիւն յայտնեց նախատեսուած ծրագիրներու աջակցութեան համար, նշելով, որ դիտարկմանը մասնակից ղարաբաղցի փորձագէտները կառուցողական ներդրում ունեցած են Ատրպէյճանի տարածքին մէջ առաքելութեան աշխատանքի ընթացքին: Սնոյ գոհունակութիւն յայտնեց նաեւ, որ ԼՂ իշխանութիւնները Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հնարաւորութիւն ընձեռեցին մասնակցելու Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ իրականացուող դիտարկումին: «Տուեալ առաքելութեան նպատակը կողմերի միջեւ վստահութեան ամրապնդումն է, ինչը հետագայում կը նպաստի ընդհանուր առմամբ հակամարտութեան կարգաւորմանը», նշեց ԵԱՀԿ համակարգողը եւ յայտնեց, որ փորձագէտները գնահատական պիտի տան շրջակայ միջավայրի վրայ հրդեհներու կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ազդեցութեան վերաբերեալ եւ առաջարկներ պիտի ներկայացնեն զանոնք կանխարգելելու նպատակով:
Առաքելութեան անդամներու խնդրանքով Մայիլեան ներկայացուց հրդեհներուն շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ նշեց, որ հարցը քաղաքականացուած է Պաքուի կողմէ:
«Այսօրուայ դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի 15 տոկոսը գտնւում է Ատրպէյճանի զաւթման տակ՝ Մարտունու շրջանի արեւելեան, Մարտակերտի շրջանի հիւսիս-արեւելեան շրջանները եւ ամբողջ Շահումեանի շրջանը: Եթէ մենք հնարաւորութիւն ունենայինք մասնակցել դիտարկման նախապատրաստական մասին, հաւանաբար մեզ կը յաջողուէր համաձայնութեան հասնել մեր շահերի գօտում գտնուող տարածքներում եւս դիտարկում անցկացնելու շուրջ: Մենք խորապէս ափսոսում ենք, որ միջազգային փորձագէտները չեն այցելի Շահումեանի շրջանի տարածքներ, քանի որ մեզ խիստ մտահոգում է այնտեղ ստեղծուած բնապահպանական իրավիճակը: Մեր տեղեկութիւններով, այնտեղ իրականացւում են զանգուածային անտառահատումներ, տեղ են գտնում հրդեհների դէպքեր», նշեց Մայիլեան:
Փոխնախարարը թուարկեց սահմանամերձ գօտիին եւ դաշտերուն մէջ հրդեհներու բռնկման հիմնական պատճառները. աննախադէպ երաշտը, Ատրպէյճանի թշնամական գործողութիւնները: Ըստ Մայիլեանի, ատրպէյճանցի զինուորները չէզոք գօտիին մէջ վառած են չոր խոտաբոյսերը եւ կրակոցներու ժամանակ օգտագործած են լուսածրային փամփուշտներ:
Ըստ Մայիլեանի, հրդեհներու պատճառով Լեռնային Ղարաբաղը կրած է 3.5 միլիառ դրամի (մօտ 8.75 միլիոն տոլար) վնաս:
Նշենք, որ ԵԱՀԿի առաքելութեան կազմին մէջ, որ պէտք է 3 օրուան ընթացքին դիտարկում պիտի կատարէ Ատրպէյճանի հետ սահմանակից գօտիին մէջ, ընդգրկուած են Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական եօթը պետութիւններու ներկայացուցիչներ:
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 5-7ը ԵԱՀԿի առաքելութիւնը ղարաբաղեան փորձագէտներու մասնակցութեամբ նոյնպիսի դիտարկում կատարած է ատրպեճանական կողմէ: