ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մանկապատանեկան շարժանկարներու երկրորդ միջազգային փառատօնի փակումը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 7ին՝ Երեւանի «Մոսկուա» սրահին մէջ: Մրցոյթին մասնակից 21 շարժանկարներէն փառատօնի գլխաւոր մրցանակին արժանացաւ ռուս բեմադրիչ Վալերի Ախատովի «Չերմոցային էֆեքթ» շարժանկարը: Փառատօնի սահմանած «Լաւագոյն խաղարկային շարժանկար» մրցանակը շնորհուեցաւ անգլիացի բեմադրիչ Չարլզ Սթարիճի «Լեսի» ժապաւէնին:
Եզրափակելով փառատօնի աշխատանքները՝ փառատօնի պատուոյ նախագահ Արմէն Մետւետեւ նշեց, որ Երեւանի մանկապատանեկան շարժանկարներու փառատօնը «այսուհետեւ իրաւունք ունի դասուելու աշխարհի նմանատիպ հեղինակաւոր այլ փառատօնների շարքը, եւ այն կարողացաւ իր կողմը գրաւել համաշխարային հանրութեան ուշադրութիւնը: Այս փառատօնը մի քայլ էր դէպի հայկական մեծ շարժանկարի վերածնունդը: Դա անպատճառ տեղի կ’ունենայ, չեմ կասկածում, սակայն փառատօնի աշխատանքը մեզ ցոյց տուեց, որ նախ եւ առաջ վերածնուել է հետաքրքրութիւնը լաւ շարժանկարի նկատմամբ»:
Նշենք, որ փառատօնին ներկայացուած էին 18 երկիրներէ 44 շարժանկարներ: