ՄՈԿԱՏԻՇՈՒ, «Ռոյթըրզ».- Սոմալիի ժամանակաւոր կառավարութիւնն ու Եթովպիոյ կառավարութիւնը Երեքշաբթի, Յունուար 2ին յայտարարեցին, թէ Իսլամական ատեաններու խորհուրդին զինեալներուն դէմ ճակատելու նպատակով Սոմալիա մուտք գործած եթովպիական ուժերը պիտի շարունակեն առնուազն «քանի մը շաբաթ կամ քանի մը ամիս» եւս Սոմալիա մնալ, մինչ իսլամ զինեալներու դէմ պայքարը կը շարունակուի երկրին զանազան շրջաններուն մէջ:
Կառավարութիւնն ու Եթովպիա շեշտեցին, թէ օտար ուժերու ներկայութիւնը հարկաւոր է երկրին կայունութիւնը պահպանելու համար, միաժամանակ կոչ ընելով միջազգային համայնքին, որ խաղաղապահ ուժ մը տրամադրէ:
Երեքշաբթի օր Քենիոյ իշխանութիւնները եւս խոստացան սահմանները խիստ հսկողութեան տակ դնել, որպէսզի իսլամ զինեալները հոն չապաստանին: Յայտնենք, թէ նոյն օրը, իսլամ զինեալներ հետապնդող եթովպիական ուժերու արձակած հրթիռներէն քանի մը հատը նաեւ Քենիոյ սահմաններէն ներս ինկած են:
Նկարին մէջ, եթովպիացի զինուորներ Սոմալիի մէջ: