ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ)՝ Հայաստանի վերաբերող 1677 բանաձեւը իրավիճակի առարկայական գնահատականն է, որ կը սահմանէ առաջնահերթութիւններ, որոնց պէտք է հետեւի երկիրը. «Մեզ յաջողուել է ունենալ շատ օբյեկտիւ բանաձեւ: Սա ոչ յաղթանակ է, ոչ պարտութիւն, սա առաջնահերթութիւնները կարեւորող փաստաթուղթ են», նման համոզում յայտնած է ՀՀ Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, ԵԽԽՎ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեանը, երէկ՝ Յունիս 30ին հրաւիրուած ասուլիսին ընթացքին:
Ան ընդգծեց, թէ իբրեւ պատուիրակութեան ղեկավար, իրեն համար Հայաստանի հետ կապուած քննարկումները առաջնային էին վեհաժողովի ամառնային նստաշրջանին, ուր ներկայացուեցան առաջարկներ, որոնք ընդունուեցան թէ՛ կարգաւորող յանձնաժողովին եւ թէ վեհաժողովին կողմէ։ «Հայաստանի հասարակութիւնը, վեհաժողովն ակնկալում է ԱԺ ժամանակաւոր յանձնաժողովից ստանալ պատասխան, թէ՝ որքա՞ն ամբողջական եւ պատշաճ կերպով է հետաքննութիւն իրականացրել դատախազութիւնը, որքանո՞վ է կատարուած աշխատանքն արդիւնաւէտ, արդեօք ամէն ինչ արուա՞ծ է բացայայտելու ճշմարտութիւնը», նշած է Դ. Յարութիւնեան:
Ըստ անոր, վեհաժողովը նկատած է, թէ ստեղծուած է բաւարար յենք, որպէսզի քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութիւնը ծաւալի եւ ընդլայնի: Ներկայիս երկիրը կը շարունակէ մնալ կարգաւորման տակ, ինչպէս 11 այլ երկիրներ:
Ըստ ԱԺ ԵԽԽՎ պատուիրակութեան անդամ Արմէն Ռուստամեանի, «Այս փաստաթուղթը պէտք է դիտուի իբրեւ մէկ ամբողջութիւն՝ նախորդ 3 բանաձեւերի հետ, եւ սա մէկ շղթայի առանձին օղակն է»:
Երկու բանախօսները, իբրեւ ԵԽԽՎ բանաձեւերու կատարման նպաստող քայլ, նշած են նախագահի Սարգսեանին կողմէ յայտարարուած համաներումը եւ քրէական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնները: