«Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները (Արցախի հարցին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերող) կարգաւորման միակ իրական եւ իրատեսական հիմքն են», 19 Ապրիլին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով՝ աւելցնելով. «Կը կարծեմ, թէ այդ բոլոր պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելը այլընտրանք չունի եւ անհրաժեշտ է բոլոր կողմերուն»:
Մեկնաբանելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի 18 Ապրիլին կատարած յայտարարութիւնները՝ Փեսքով ըսաւ. «Մենք պատրաստ ենք ողջունելու որեւէ քայլ, որ կարողութիւնը ունի նպաստելու լարուածութեան թուլացման եւ Ռուսիա-Հայաստան-Ատրպէյճան եռակողմ համաձայնագիրներու գործադրութեան»: