Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2006ի երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Կլէնտէյլի Phoenicia (նախկին KIX) նորակառոյց ճաշասրահին մէջ, զրոյց-հանդիպում տարազին տակ, տեղի պիտի ունենայ «Երեկոյ մը Կոմիտասի հետ» ձեռնարկ-ծրագիրը:
Այս նախաձեռնութիւնը «Համազգային»ի ցարդ կազմակերպած հրապարակային ձեռնարկներուն մէջ նորութիւն մը ըլլալով, հարցազրոյց մը ունեցանք «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ եւ այս ձեռնարկի կազմակերպիչ պատասխանատու՝ Տիգրան Պապիկեանին հետ, որմէ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հատուածներ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ պիտի հասկնանք «Երեկոյ մը Կոմիտասին հետ» խորագրէն:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նախ կ’ուզեմ շեշտել եւ միաժամանակ բացայայտել, թէ մշակութային զանազան բնագաւառներու յատուկ որեւէ ձեռնարկի մը ծրագրման եւ կամ ներկայացման ժամանակ, «Համազգային»ի համար ամէն բանէ առաջ կենսական է այդ ձեռնարկին որակը: Այս մէկը անոր համար, որ «Համազգային»ը կը հաւատայ, որ նիւթականը պէտք է դասուի երկրորդական, որովհետեւ որակը մեծ դեր ունի եւ կը խաղայ մշակութասէր ներկայութեան մտքին ու հոգիին ներգրաւման:
Անկասկած որ քալիֆորնիահայ հասարակութիւնը այս մէկուն տարիներէ ի վեր ծանօթ է: Այս մէկուն ամէնէն արդար եւ հարազատ օրինակներէն մէկն է անցեալ տարուան՝ 2005ի Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր ամիսներուն «Համազգային»ի հրապարակային ձեւով յիշատակումը Հայ գիրերու գիւտին 1600ամեակին, UCLA-ի մէջ՝ միօրեայ սեմինարի տարազին տակ եւ ապա Կլէնտէյլի Alex թատերասրահին մէջ, երկլեզու բանախօսութեամբ:
Երկու ձեռնարկներն ալ եկան հաստատելու, թէ «Համազգային»ը կը վայելէ մեր ժողովուրդի քաջալերանքը: Ահա հոս է «Համազգային»ի յաջողութիւնը:
Իսկ ինչ կը վերաբերի մեր «Երեկոյ մը Կոմիտասին հետ» նոր ձեռնարկին, պէտք է ըսել, որ Կոմիտասի կեանքին եւ ստեղծագործութիւններուն ներկայացման յատուկ, մտերմիկ երեկոյ մըն է ծրագրուածը:
Այսպէս, Կոմիտասի կեանքին եւ գործունէութեան քաջածանօթ եւ «Լարք» երաժշտանոցի տնօրէն Վաչէ Պարսումեան զրոյցի ձեւով պիտի ներկայացնէ Կոմիտասը իր ամբողջութեամբ: Կոմիտասի մասին իր խօսքերը, բնութագրութիւններն ու մէջբերումները պիտի համեմուին նուագներով եւ մեներգներով:
Ահա հոս է, որ ունկնդիրին աչքին առջեւ պիտի պարզուի մեծանուն Կոմիտասը իր ստեղծագործութիւններով:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչո՞ւ անպայման Կոմիտասը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- «Համազգայի»նի Շրջանային վարչութիւնը այս ձեռնարկին մասին լրջօրէն խորհրդակցած է «Լարք»ի տնօրէնին հետ եւ այն եզրակացութեան եկած, թէ Կոմիտասը այն հազուագիւտ երաժշտագէտներէն մէկն է ու նոյնիսկ ռահվիրաներէն, որ տակաւին հայու սրտին ու հոգիին շատ մօտիկ է, չըսելու համար՝ ամէնօրեայ ներկայութիւն:
Այս մէկը «Համազգային»ի համար քաջալերական էր: Ուստի որոշեցինք մեր առաջին քայլը առնել Կոմիտասը հրամցնելով եւ ապագային այսպէս յաջորդական կարգով հրամցնելով միւս մեծերը:
Միւս կողմէ, Վաչէ Պարսումեան, իբրեւ հմուտ երաժշտագէտ ու խմբավար, ոչ միայն ծանօթ է Կոմիտասին, այլեւ շատ լաւ ձեւով ուսումնասիրած է անոր բոլոր ստեղծագործութիւնները եւ այս առթիւ իր ծրագիրները անոնցմով ճոխացուցած:
Իր բացատրութիւններուն ընթացքին Ալենուշ Եղնազար (սոփրանօ), Կարինէ Աւագեան (մեցցօ), դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Վիքթորիա Սիմոնեանին, ներկաներուն պիտի հրամցնեն զրոյցին հետ անմիջական կապ ունեցող անմահն Կոմիտասի ստեղծագորութիւններէն բաժիններ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ձեռնարկը ուրիշ ի՞նչ բնոյթ կը կրէ:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ճիշդ է, որ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կլէնտէյլի Phoenicia (նախկին KIX) նորակառոյց ճաշասրահին մէջ, սակայն այս մէկը չի նշանակեր, որ ճաշկերոյթի մը բնոյթը կը կրէ:
Ճաշասրահին մէջ նման ձեռնարկի մը կազմակերպումը ունի իր քանի մը արդարացումները: Այսպէս, նախ ճաշարանը ունի ձայնային շատ լաւ դասաւորումներ եւ յարմարութիւններ: Երկրորդ՝ ասիկա առիթ մը պիտի ստեղծէ, որ շաբթուան կիսուն, մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ, «Համազգային»ը ի մի հաւաքէ մշակութասէրներ, համազգայնականներ եւ կոմիտասասէրներ, որոնք նախ աղանդերներով ճոխացած պիւֆէի սպասարկութեան պահուն միասնաբար հաճելի ժամ մը եւ կամ աւելի անցընեն եւ ապա որակաւոր յայտագրի մը մթնոլորտին մէջ ունկնդրեն Կոմիտասի մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ ու միաժամանակ վայելեն անոր երաժշտութենէն կամ ստեղծագործութիւններէն հատուածներ:
Ճաշասրահին մէջ սեղաններու թուագրում չկայ: Այս անգամ դիտումնաւոր կերպով դուրս եկանք ճաշի մատուցման աւանդական սպասարկութեան ձեւէն: Հրամցուածը ճաշկերոյթի բնոյթ չի կրեր: Կը հաւատանք, որ այս ձեւով ներկաները առաւել գոհ պիտի մնան հրամցուածէն՝ ըլլայ ան ուտելիք, ըմպելիք, խօսք, երգ ու երաժշտութիւն: Այս ձեւով ընկերային ժամ-ընթրիք բաժինը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 7ին, իսկ անկէ ետք զրոյցը՝ ժամը 8:30ին:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Մուտքի տոմսերուն համար ի՞նչ ճշդուած է:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նախ պէտք է ըսել նաեւ, որ այս մէկը առաջինն է նման ծրագրումներու շարքին: Անկասկած որ այս մէկուն պիտի յաջորդեն միւս տաղանդաւորները: Էականը մշակութասէրին դրական քաջալերանքն է:
Մուտքի նուէր ճշդուած է անձ գլուխ $50: Այս առթիւ տոմսերու եւ այլ հարցումներու ու մանրամասնութիւններու համար կարելի է դիմել Planet Armenia Փասատինայի միակ հայկական գրախանութի տիրոջ՝ Լիւսի Չուխաճեանին, հեռ. (626) 398-1307 եւ կամ՝ Գէորգ Պետիկեանին (818) 731-7332:
Յարգելի ընթերցող՝
»Համազգային«ը կը գոյատեւէ հայութեան բարոյական եւ նիւթական ներդրումով. ան պէտք է մնայ, որպէսզի շարունակէ իր ուղին, առաջնահերթութիւնները ճշդելով եւ հայուն առիթ տալով հայօրէն ապրելու, հայօրէն շնչելու եւ հայրենի հողին վերադառնալու, հայ լեզուն լսելի դարձնելու եւ հայ երգը, պարը, թատրոնն ու աւանդները վառ պահելու առաջադրանքով:
ԼՈՒՐԵՐ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ԸՆՏԱՆԻՔԷՆ.-
– «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութիւնը արդէն իսկ պաշտօնական շրջաբերականով բոլոր շրջաններուն յիշեցուցած է, թէ այս տարի Նոյեմբերին կը լրանայ Համաստեղի մահուան քառասնամեակը։ Հայաստանի մէջ քանի մը ձեռնարկներ ծրագրուած են արդէն, որոնք Նոյեմբերէն սկսեալ մինչեւ 2007 թուականի Մարտ ամիսը պիտի երկարին։
Առ ի տեղեկութիւն յայտնենք, որ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Մարգարիտ Խաչատուրեան, որ իր գրականագիտական աշխատասիրութիւնը ամբողջովին նուիրած է Համաստեղին, արդէն չորս հատոր հրատարակած է, առաջինը՝ «Համաստեղի նամականի»ն է եւ մնացեալ երեքը՝ «Մոռացուած էջեր»։ Ան է Հայաստանէն ներս մղիչ ուժը, Համաստեղը ծանօթացնելու աշխատանքին մէջ։
1.- Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր, 2006ին, երեկոյեան ժամը 8ին, Կլէնտէյլի հանրային գրադարան.
«Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան Երաժշտական միաւորի կազմակերպութեամբ
Դաշնակի համերգ՝ հանրածանօթ դաշնակահարուհի Շուշանիկ Յովակիմեանի կատարողութեամբ: Պիտի հրամցուին Պէթհովէնի, Մանսուրեանի, Կոմիտասի եւ Լիսթի ստեծագործութիւններէն: Մուտքի նուէր՝ 15 տոլար:
2.- Կիրակի, 12 Նոյեմբեր, 2006ին, երեկոյեան ժամը 5ին, Կլէնտէյլի ALEX թատերասրահ.
«Համազգային»ի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբի 120 անդամ-անդամուհիներուն տարեկան մեծ ելոյթը՝ ղեկավարութեամբ վաստակաշատ պարուսոյցներ՝ Քաթրին Հայրապետեանի եւ Արի Լիպարիտեանի:
ԱՅՑԵԼԵՑԷՔ »ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ«Ի ՆՈՐ ԿԱՅՔԷՉԸ HAMAZKAYIN.NET