ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 2ին աւարտեցաւ Երեւանի պատմութեան թանգարանին նուիրուած թանգարանի 75ամեակի գիտական նստաշրջանը:
Թանգարանի տնօրէն Արմինէ Սարգսեան յայտնեց, որ գիտաշրջանի վերջին օրը Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի, հնագիտութեան եւ պատմութեան բաժանմունքներու գիտաշխատողներ, Երեւանի պետական եւ Մանկավարժական համալսարաններու դասախօսներ, ինչպէս նաեւ տարբեր թանգարաններու ներկայացուցիչներ ներկայացուցին գիտաշրջանի վերջին ութ զեկուցումները:
Ընդհանուր առմամբ գիտաշրջանին ներկայացուած են 28 զեկոյցներ, որոնց հիմնական թեման եղած է Երեւանի պատմութիւնը, մշակութային կեանքը, կրթական կեդրոնները եւ այլն:
Նստաշրջանին նաեւ արծածուած են օտար ճանապարհորդներու Երեւանէն ստացած տպաւորութիւններուն, Երեւան քաղաքի անուան ծագումնաբանութեան եւ քաղաքային տնտեսութեան վերաբերող նիւթեր: Նստաշրջանը սկսած էր Հոկտեմբեր 31ին՝ առաւօտեան եւ երեկոյեան նիստերով եւ աւարտեցաւ այսօր գեղարուեստական յայտագիրով: Ըստ Ա. Սարգսեանի, գիտական նստաշրջանի աւարտէն յետոյ կը նախատեսուի հրատարակել զեկուցումներու ժողովածուն: