ՔԱՇԻՈՒԱԶԱՔԻ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Յուլիս 16ին, 6.8 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց հիւսիսարեւմտեան Ճափոնը, պատճառելով առնուազն եօթը զոհ եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ:
Երկրաշարժին հետեւանքով հրդեհ մը ծագեցաւ նաեւ աշխարհի մեծագոյն հիւլէակայաններէն մէկուն մէջ, ուրկէ նաեւ շպղարձակում դուրս սպրդեցաւ, սակայն տեղական իշխանութիւններ վստահեցուցին, թէ կացութիւնը կարելի եղած է հակակշռի տակ առնել:
Աւելի ուշ, գրեթէ նոյն ուժգնութեամբ ցնցում մը եւս տեղի ունեցաւ, նիւթական վնասներ պատճառելով:
Նկարին մէջ, երկրաշարժէն քանդուած բնակարան մը: