Օշական ընտանեկան հիմնարկին նախաձեռնութեամբ եւ «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ, Ուրբաթ, 22 Սեպտեմբեր եւ Շաբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2006ին, կազմակերպուած էին Վահէ Օշականին նուիրուած ձեռնարկներ: Առաջին ձեռնարկը նուիրուած էր Վահէ Օշականի յետմահու հրատարակուած առաջին հատորին՝ «Ճամբորդը» քերթողագիրքին, իսկ երկրորդ ձեռնարկը միօրեայ համագումար մըն էր, որ կը միտէր ներկայացնելու Վահէ Օշական մարդը, գրագէտը, մտածողը եւ տեսաբանը: Երկու ձեռնարկներն ալ տեղի ունեցան Կլէնտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, ի ներկայութեան գրասէրներու, Վ. Օշականի ընկերներուն, ժամանակակիցներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն:
Օշական ընտանեկան հիմնարկը հիմնադրուած է 2006 թուականին, Լոս Անճելըս, Վ. Օշականին ժառանգորդներուն կողմէ եւ ողջունելի նպատակ ունի հաւաքել, մէկտեղել, պահպանել եւ հրատարակել Օշական ընտանիքի գրական-մշակութային ժառանգութիւնը: Փաստօրէն, «Ճամբորդը» գիրքին հրատարակումով եւ վերոնշեալ ձեռնարկներուն կազմակերպումով Օշական ընտանեկան հիմնարկը կը սկսի իր նպատակներու իրականացման:
Նախքան գիրքի ներկայացումը, երեկոյթի բացումը յայտարարեց համազգայնական Գուրգէն Գասապեան, որ արտայայտեց իր անթաքոյց ուրախութիւնը նոր հատորի մը լոյս ընծայման առթիւ, եւ միաժամանակ խորին տխրութիւնը, որ Վահէ Օշական այսօր մեր մէջ չէ, որպէսզի անձամբ ծանուցէր իր նոր գիրքին հրատարակումը: Գուրգէն Գասապեան ընդհանուր գիծերու մէջ արժեւորելէ ետք Վ. Օշականի դերը իբրեւ մտաւորական, բեմ հրաւիրեց «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Գէորգ Պետիկեանը: Պետիկեան անդրադարձաւ «Համազգային»ի առաքելութեան, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, որ եկած են սփիւռքահայ ժամանակակից գրականութեան մեծանուն դէմքերէն մէկուն յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին: Պետիկեան յատկապէս շեշտեց, որ «Վահէ Օշական մէկն էր այն քիչերէն, որ կը հաւատար, որ վեհ բան է հայու ճակատագիր ունենալը: Իսկական հայ մարդն էր ան, որ արդի մեր գրականութեան սիւներէն մէկը դարձաւ»:
Օշական ընտանեկան հիմնարկին կողմէ ներկաները ողջունեց եւ հիմնարկին գործունէութեան մասին, ի մասնաւորի «Ճամբորդը» գիրքին ծննդոցին մասին պատմեց Վ. Օշականի կրտսեր որդին, արուեստագէտ-լուսանկարիչ Արա Օշական: Արա թուեց նաեւ այն պատճառները, որոնք տուն տուած են այս հատորին հրատարակութեան. «Ճամբորդը» ունի ինքնակենսագրական ատաղձ, եւ ինք ու Օշականի ժառանգութիւնը ուսումնասիրող գրականագէտ Մարկ Նշանեան յարմար գտած են յետմահու հրատարակութիւններու շարքը սկսիլ այս հատորով, որ նաեւ իրականութիւն դարձաւ «Համազգային»ի հիմնած Վ. Օշական հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ:
«Ճամբորդը» գիրքը հանրութեան ներկայացնելու համար հրաւիրուած էր հալէպաբնակ գրագիտուհի Մարուշ Երամեան, որ Օշականի կենսագրութեան եւ գրական ժառանգութեան քաջածանօթ սփիւռքահայ մտաւորականներէն մէկն է: Մարուշ Երամեան երաժշտական-բանասիրական կրթութիւն ունի, սփիւռքահայ արդի բանաստեղծութեան տիրական դէմքերէն մէկն է, արժանացած է «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակին, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու է: Յիշատակելի է, որ իր խմբագրած «Բանաստեղծութիւն» պարբերականը Վահէ Օշականին կողմէ ժամանակին գնահատուած է իբրեւ բացառիկ երեւոյթ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին:
Հետաքրքրական հաստատումով մը սկսաւ Մարուշ Երամեան իր խօսքը. Այս տեսակի (օշականեան) բանաստեղծութիւնը կա՛մ կը սիրենք կամ չենք սիրեր. եթէ սիրենք, մեզի համար կը բացուին դարպասները եւ հոն կը գտնենք այնքան, այնքա՛ն գեղեցիկ: Աւելցնենք, որ դարպասներէն ներս մտնելու քաջութիւնը կը պակսի մեզմէ շատերուն, բայց Մարուշ բանաստեղծուհին գրչակիցի մը առաւելութեամբ կրցած էր ներս մտնել Վահէ Օշականի բարդ, ոլորուն, ամէն վայրկեան գայթելու եւ գայթակղելու ակնկալիքով լեցուն, սակայն ցաւցնող պարզութիւն ու մերկութիւն ունեցող բանաստեղծական աշխարհէն ներս, եւ ներկաներուն փոխանցեց այդ աշխարհի անսեթեւեթ գեղեցկութիւնը: «Ուրեմն՝ կեանքն է, որ կը ներկայանայ Վահէ Օշականի բանաստեղծութեան մէջ, կեանքը կամ զայն բռնել ու պատին գամելու, մանրամասնութիւնները տեսնելու եւ իմաստը հասկնալու ճիգը:
«Այլ խօսքով՝ իրապաշտութիւն, նոր, ժամանակակից իրապաշտութիւն, որ ինքզինք կը հաւաքէ մեծ քաղաքներու արագ ու խիտ կեանքէն եւ թափով, նոյն արագութեամբ ու խտութեամբ կը թափի էջին, կ’ողողէ ընթերցողը»: Ապա Մ. Երամեան ներկայացուց հատորին բովանդակութիւնը, որ կը տարածուի 77 էջերու վրայ եւ կը բաժնուի երեք մասերու: Առաջին բաժինը իր խորագիրը տուած է գիրքին, երկրորդ բաժնին մէջ տեղադրուած են բանաստեղծին թոռներուն ձօնուած երեք քերթուածներ՝ «Խօսք բարի գալուստի», «Մէկ տարեկան» եւ «Պատմութեան սեմին» խորագիրներով, որոնք հեղինակը իր թոռներուն ընդմէջէն ուղղած է յաջորդ սերունդին: Մարուշ Երամեան ներկաներուն պարզեց Մեծ Ճամբորդին՝ Վահէ Օշականին մեկնումի պատրաստուելու ապրումէն ծնած բազմաթիւ հարցադրումները, մեկնակէտ ունենալով այս հատորը եւ ընդհանրապէս օշականեան քերթողական աշխարհը: «Ճամբորդութիւնը մեկնում մըն է, տեղէ տեղ երթալ մը. հաւանական է նաեւ, որ կայաններ ունենայ այդ ճամբորդութիւնը. ահա, թէ ինչո՛ւ գիրքը այս խորագիրներով հատուածներու բաժնուած է՝ Մեկնում 1 եւ Մեկնում 2, ապա 1-6 թուագրուած Կայաններ:
«Մեկնումի մերձեցումին հետ կը սկսի կեանքի խիտ վերաքաղ մը. ասիկա այն պահը կրնայ ըլլալ, երբ ակնթարթ մը ճշմարտութիւնը ինքզինք կը բացայայտէ, նոյնիսկ կրնայ ժպտիլ, ապա կրկին քօղարկելու համար ինքզինք: Գիտակցութիւն չէ ասիկա, այլ հասկացում մը կեանքին առեղծուածին, զոր թարգմանելը անկարելի կրնայ թուիլ սովորական մարդուն, բայց ոչ Վահէ Օշականին համար, որ երկա՜ր, դարի չափ ակնթարթով կրնայ նայիլ «արեւին ճիշդ կեդրոնի մութին»»: Եւ անպայմանօրէն համամիտ ենք Մարուշին, երբ կ’ըսէ՝ «Պէտք է գիտակցիլ, որ Վ. Օշականի բանաստեղծութիւնը կեանքին լուսապատկերը չէ, այլ այդ պատկերին նէկաթիւը, ուր ի յայտ կու գան պատկերին մէջ չտեսնուած կամ շրջանցուած կարեւոր մանրամասներ, եւ ուր մարդը կ’երեւի իր աստուածային եւ կենդանական զոյգ բնութիւններով»: Իր խօսքերով, Մարուշ միայն նախաճաշակ մը տուաւ «Ճամբորդը» քերթողագիրքին մասին եւ յոյս յայտնեց, որ այդ պիտի մղէ ընթերցողները «մտնելու այս ինքնատիպ բանաստեղծին եւ բացառիկ մարդուն ներաշխարհն ներս»:
«Ճամբորդը» քերթողագիրքին ներկայացումէն ետք Արամ Գույումճեան, Լիզա Մանոյեան եւ Արա Մածունեան ներկայացուցին բեմական ընթերցում մը գիրքէն, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Վահէին աւագ որդւոյն՝ Հայկ Օշականին կողմէ պատրաստուած տեսաերիզ մը, ուր Վահէ ինք կը խօսէր, կը պատմէր գիրքը գրելու ընթացքին եւ այլ մանրամասներու մասին:
Ուրբաթ օրուան այս երեկոն նոր հրատարակուած գիրքի սոսկական ներկայացում մը չէր, եւ երբեք մեր գաղութին մէջ ընկալեալ սովորութիւն դարձած խնկարկումներու աժան ցուցադրութիւն մը: Թէ՛ երեկոն կազմակերպողները, թէ՛ բանախօսը եւ թէ՛ ներկաները ունէին այն պարզ գիտակցութիւնը, որ գրական հսկայի մը նուիրուած ձեռնարկին հիմնական դերակատարը այդ հսկային ժառանգութիւնն է, որ երբեք գունազարդելու կարիքը ունի: Շնորհակալ ենք «Համազգային»ին, Օշական ընտանեկան հիմնարկին, բանախօս Մարուշ Երամեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք առիթ ընձեռեցին Յաւերժի Ճամբորդին՝ Վահէ Օշականին ներաշխարհին ծանօթանալու եւ ապրելու իրաւ գրական վայելք մը:
«Օր մը Վահէ Օշականի հետ» գրական համագումարին կ’անդրադառնանք մեր թերթի հետագայ թիւերով: