ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Ահմատ ապուլ Ղէյթ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին Երուսաղէմի մէջ իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ: Խորհրդակցութիւններէն ետք ան տուաւ միացեալ մամլոյ ասուլիս մը իր իսրայէլացի պաշտօնակից Ցիփի Լիվնիի հետ:
Եգիպտացի պաշտօնատարը յայտնեց, որ պաղեստինեան «Համաս» կուսակցութեան զինեալներուն կողմէ այս տարուան Յունիսին գերի բռնուած իսրայէլացի զինուորը՝ Կիլատ Շալիթ ողջ է, եւ Եգիպտոս միջնորդութիւն կը կատարէ երկու կողմերուն միջեւ՝ ապահովելու համար անոր ազատ արձակումը:
«Ասիկա նուրբ հարց է. ես յոյս ունիմ եւ կը հաւատամ, որ ան ազատ պիտի արձակուի: Մենք անխոնջ կ՚աշխատինք այդ ուղղութեամբ եւ կ՚ուզեմ հաւաստիացնել, որ ան ողջ է», ըսաւ ան: