ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Պլումպըրկ».- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20ին, Եւրոպական միութիւնը մերժեց անդամակցութեան բանակցութիւններուն ոչ սառեցուած թղթածրարներէն չորսը բանալու Թուրքիոյ կատարած առաջարկը, անսալով այս տարի նման քայլ մը չառնելու կապակցութեամբ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի ու Յունաստանի ներկայացուցիչներուն կոչերուն:
Եւրոմիութեան դիւանագէտներ յայտնեցին, թէ այս որոշումէն ետք բանակցութեանց յաջորդ հանգրուանը ամենականուխը յառաջիկայ տարուան Յունուարին պիտի սկսի, երբ Եւրոմիութեան նախագահութիւնը պիտի ստանձնէ Գերմանիան:
Յիշեցնենք, թէ Եւրոպական միութիւնը անցեալ տարի սառեցուց բանակցութեանց 35 թղթածրարներէն ութին շուրջ բանակցութիւնները, որովհետեւ Թուրքիա կը մերժէ յարգել Կիպրոսի առջեւ իր օդակայաններն ու նաւահանգիստները բանալու խոստումը: