Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցութեան: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին «Թուիթըր»ի իր էջին վրaյ գրած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց ու ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել:
«Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին հետ քննարկեցինք տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան կառուցման եւ հակամարտութիւններու կայուն կարգաւորման ուղիները: Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցութիւն ցուցաբերելու», կը հաստատէ Պորել։