ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ողջունեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Գործողութիւններու ծրագիրին ստորագրութիւնը՝ Եւրոպական նոր հարեւանութեան քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ։
«Եւրոպական միութիւնը ի գիտութիւն կ՚ընդունի Հայաստանի ձգտումը եւ երկրի կառավարութեան պիտի օգնէ իր մասին բնակչութեան տեղեկութիւն փոխանցելու հարցին մէջ, մասնաւորապէս Երեւանի մէջ եւրոպական տեղեկատուական կեդրոն մը բանալով», կը նշէ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը։
«Մենք կ՚ողջունենք Հայաստան-Եւրոպական միութիւն Գործողութիւններու ծրագիրի ստորագրութիւնը, որ պիտի խթանէ համարկումի գործընթացը Եւրոպական միութեան եւ Հայաստանի միջեւ։ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը յուսայ, որ իր լուման ներդնէ Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման գործին մէջ», յայտարարեց յանձնախումբի նախագահ Հիլտա Չոպոյեան։