ՊԵՌՆ, «Ռոյթըրզ».- Զուիցերիոյ մէջ քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացը քննող պաշտօնական տեղեկագիր մը նկատել տուաւ, որ ներկայ համակարգը խտրական է եւ բազմաթիւ առումներով նոյնիսկ ցեղապաշտական։ Զուիցերիոյ Ցեղային խտրականութեան դաշնակցային յանձնախումբը արմատական փոփոխութիւններ առաջարկեց։ Անիկա քննադատեց համայնքի մը անդամներուն կողմէ անհատի մը քաղաքացիութեան դիմումնագիրը քուէարկութեամբ ընդունելու դրութիւնը։ Տեղեկագիրը նշեց, որ իսլամները, ինչպէս նաեւ Պալքաններէն կամ Ափրիկէէն անհատներ մերժուելու ամենաբարձր հաւանականութիւնը ունին։
Զուիցերիա Եւրոպայի մէջ քաղաքացիութեան ամէնէն խիստ օրէնքները ունի։ Օտարահպատակներ պէտք է 12 տարի ապրին զուիցերիական համայնքի մը մէջ՝ նախքան դիմումնագիր ներկայացնելը, իսկ Զուիցերիոյ մէջ ծնած ըլլալը քաղաքացիութեան իրաւունք չի շնորհեր։
Ներկայ դրութեամբ օտարահպատակները իրենց դիմումնագիրները կը ներկայացնեն իրենց քաղաքին կամ գիւղին միջոցով։ Անոնք կը ներկայանան քաղաքացիութեան յանձնախումբի մը, տեղեկացնելով, թէ կը փափաքին զուիցերիացի ըլլալ: Այնուհետեւ անոնք հաւանութիւն պէտք է ստանան համայնքի քուէարկողներուն կողմէ՝ գաղտնի կամ հրապարակային քուէարկութեամբ։
Տեղեկագիրը նշեց, որ մասնաւորաբար այս գործելակերպը ցեղային խտրականութիւն կ՚արտացոլէ։ Անիկա Քոսովոյէն անդամալոյծ մարդու մը օրինակը բերաւ։ Թէեւ ան բոլոր օրինական պայմանները ամբողջացուցած էր, սակայն անոր դիմումնագիրը իր համայնքին կողմէ մերժուած էր այն պատճառով, որ անոր անդամալոյծ ըլլալը զինք տուրք վճարողներուն վրայ բեռի մը կը վերածէ: Այլ պատճառ մըն էր նաեւ անոր իսլամ ըլլալը։
Տեղեկագիրը առաջարկեց, որ քաղաքացիութիւն շնորհելու որոշումները ընտրեալ գործադիր մարմինի մը կողմէ տրուին եւ ոչ թէ ամբողջ համայնքին կողմէ։ Սակայն այդպիսի քայլ մը շատ հաւանաբար բուռն ընդդիմութեան արժանանայ։
Օտարահպատակներուն հարցը յառաջիկայ ամիս զուիցերիական խորհրդարանական ընտրութեանց հիմնական հարցերէն է։ Աջակողմեան Զուիցերիական ժողովրդային կուսակցութիւնը, որ ներկայիս հարցախոյզներուն մէջ կը գրաւէ առաջին դիրքը, կ՚ըսէ, թէ զուիցերիական համայնքները ժողովրդավարական իրաւունքը ունին որոշելու, թէ ո՛վ կրնայ զուիցերիացի ըլլալ։