Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը ստորագրեց Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Էդուարդ Աղաջանեանի լիազօրութիւնները դադրած նկատելու մասին արձանագրութիւնը:
Ըստ «Արմէնփրէս»ին՝ այս մասին յայտարարութիւն տարածեց Հայաստանի Ազգային ժողովը:
«Հիմք ընդունելով Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւնների մշտական յանձնաժողովի նախագահ Էդուարդ Աղաջանեանի հրաժարականի մասին դիմումը եւ առաջնորդուելով «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 150րդ յօդուածի 1ին մասի 2րդ կէտով եւ 147րդ յօդուածի 2րդ մասի 2րդ կէտով` արտաքին յարաբերութիւնների մշտական յանձնաժողովի նախագահ Էդուարդ Աղաջանեանի լիազօրութիւնները համարել դադարած», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։
Նշենք, որ 27 Յունուարին, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Էդուարդ Աղաջանեան Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնէն հրաժարելու դիմում ներկայացուցած էր:
Չէ ըսված որ ինչու հրաժարէրէ: Վաղը կրնայ ըլլալ որ իրեն նոր գործ մը կուտան, կամ ալ բաշինեանականները սկսած են հասկնալ, որ իրենց շէֆը շատ սխալներ կընէ եւ կը բախին իր քովէն: Աս բարլամանը գալէ առաջ ալ, Բաշինեանին հետը եղողներէն քանի մը հատը բախան եւ իրեն բացի տվին, ըրած սխալները կը խոսին հիմա: