Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւ Իլհամ Ալիեւ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին անդրադարձան ո՛չ միայն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման, այլ նաեւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն: Այս մասին հաղորդեց «Ինթըրֆաքս»ը` յղում կատարելով Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան:
«Ալիեւ եւ Էրտողան կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու լուծման, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան օրակարգին շուրջ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Կը նշուի նաեւ, որ զրոյցին ընթացքին նախագահները քննարկեցին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ քաղաքական, տնտեսական, առեւտրական, ուժանիւթային, զինուորական եւ ռազմաարհեստագիտական ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան խորացման հեռանկարները:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորեց Էրտողանի տարեդարձը: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: Փութին իր յղած շնորհաւորական գիրին մէջ գրած է հետեւեալը. «Վստահ եմ, որ մենք պիտի շարունակենք համակարգուած ձեւով իրականացնել փոխշահաւէտ միացեալ ծրագիրներ եւ պիտի շարունակենք համակարգել ջանքերը շրջանային եւ համաշխարհային օրակարգի կարեւոր հարցերու լուծման ուղղութեամբ»: