2007 Մարտ 16-17, Ընկերվար միջազգայնականի (ԸՄ) կանանց կազմակերպութեան գործադիր մարմնի գլխաւոր եւ տարածաշրջանային ժողովը առաջին անգամ ըլլալով պիտի կայանայ Երեւանի մէջ։ Այս նպատակով նախապատրաստական աշխատանքներու համար այս օրերուն Հայաստան կը գտնուի ԸՄի կանանց կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Մառլէն Հաաս։
«Երկիր»ի հետ զրոյցի ընթացքին ան նշեց, որ Երեւանը ընտրուած է յատկապէս այն պատճառով, որ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կանանց յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մարիա Թիթիզեանի պարբերական մասնակցութիւնը ԸՄի ժողովներուն ու անոր՝ Հայաստանի կանանց խնդիրներու մասին ելոյթները հետաքրքրած են ԸՄը՝ բազմապատկելով հետաքրքրութիւնը Հայաստանի նկատմամբ:
«Ես երրորդ անգամ եմ գտնւում Հայաստանում եւ իւրաքանչուր այցից յետոյ ղեկավարութեանը զեկոյց ներկայացնելիս պարտադիր նշում եմ իմ նկատած առաջընթացը կանանց խնդիրների լուծմանն ուղղուած գործողութիւններում։ Վերջին այցիս ժամանակ ներկայ եղայ Հ.Յ.Դ. կանանց յանձնախմբի կազմակերպած խորհրդաժողովին, որը շատ մեծ տպաւորութիւն թողեց ինձ վրայ. ես այն համարում եմ յաջողուած», ըսաւ Մառլէն Հաաս։
Ան նաեւ ողջունեց երկու կին անդամներու ընտրութիւնը Հ.Յ.Դ. Գերագոյն մարմինէն ներս։
Մ. Հաաս ափսոսանք յայտնեց, որ իր այցելութիւնը այս անգամ կարճատեւ է (ան կը պատրաստուի նաեւ այլ երկիրներ այցելել), քանի որ կը սիրէ Հայաստանն ու հայ ազգը, յատկապէս կարեւոր կը նկատէ կանանց դերի բարձրացման ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջխաղացքը Հայաստանի մէջ:
Հաաս երկու օր առաջ հանդիպում ունեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ կուսակցութեան կեցուածքը Հայաստանի հանրային կեանքէն ներս կանանց դերի բարձրացման ուղղութեամբ։
Ընդգծուեցաւ այն հանգամանքը, որ ԸՄի կանանց կազմակերպութեան նման հեղինակաւոր կառոյցի մը ժողովը Հայաստանի մէջ պիտի կայանայ, ինչ որ կը նպաստէ երկրէն ներս կանանց խնդիրներու արծարծման, անոնց գործունէութեան ընդլայնումին եւ ու զանազան բնագաւառներէ ներս անոնց ազդեցութեան ընդարձակումին:
Մ. Հաասը համոզուած է, որ այս ժողովը պիտի անցնի ջերմ մթնոլորտի մէջ եւ կ’ունենայ արդիւնաւէտ շարունակութիւն՝ գործակցութեան միջոցով բարենպաստ նախադրեալներ ստեղծելով Հայաստանի մէջ կանանց գործունէութեան համար։