Օգոստոս 5ին, հիւսիսային Մեթնի մէջ տեղի ունեցած երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն Հ.Յ.Դաշնակցութեան պաշտպանած թեկնածուի յաղթանակը կ՚իմաստաւորուի լիբանանահայութեան քաղաքական յաջողութենէ մը անդին։ Անհրաժեշտ է իրադարձութիւնը տեղադրել սփիւռքեան գործընթացի ոլորտին մէջ, եւ համապատասխան վերլուծումով անկէ քաղուած դասերուն խորհրդածութիւնը ընդհանրացնել սփիւռքահայութեան, եւ ընդհանրապէս հայութեան, դիմագրաւած նորագոյն մարտահրաւէրներու, ինչպէս նաեւ սկզբունքային կեցուածքներու ճշդման հեռանկարով։ Այլապէս, տեղի ունեցածը կրնայ լոկ պատահականութիւն դասուիլ եւ մոռացութեան տրուիլ, այնպէս ինչպէս սփիւռքեան վերլուծական մտքի լճացման արդիւնքով անցնող երկու տասնամեակներուն այնքան այլ իմաստալից երեւոյթներ, անկիւնադարձային բնոյթի իրադարձութիւններ, թէ ահազանգ հնչեցնող պատահարներ անցնող երկու տասնամեակներուն արձանագրուեցան որպէս ընթացիկ լուր միայն, փոխանակ դիտուելու որպէս բաղկացուցիչ տարրեր մէկ ու միացեալ ճակատագրի եւ ինքնակերտ ինքնութեան մը։
Յատկապէս Օգոստոս 5ի ընտրութիւններու առիթով վերլուծական այս ճիգը կը մասնաւորուի երկու իմաստով։ Նախ՝ որովհետեւ ընտրութիւններու զուգընթաց Դաշնակցութեան պաշտպանած թեկնածուի մրցակիցը, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար եւ 1982-1988 տարիներուն երկրի նախագահ Ամին Ժեմայէլ, իր քարոզարշաւին տուաւ հակադաշնակցական եւ հակահայ խտրական եւ գրեթէ ցեղապաշտ ընթացք՝ անխուսափելիօրէն արթնցնելով քաղաքացիական պատերազմի ամենացաւոտ յուշերը։ Ապա, որովհետեւ լիբանանահայութեան քաղաքական այս յաջողութիւնը կ՚արձանագրուի համայնքի ապրած դժուարագոյն պայմաններուն մէջ, եւ նոյնիսկ եթէ անոր անդրադարձը իրապաշտօրէն պիտի չըլլայ վերաշխուժացման մը համազօր, այդուհանդերձ այն մէկէ աւելի դասեր կը պարփակէ։
Արդարեւ, Սփիւռքի մասին իր ուսումնասիրութեան մէջ -La longue marche des Armeniens Histoire et devenir d’une diaspora (Robert Laffont, 2007)- Լօրանս Ռիթթեր ամբողջ գլուխ մը յատկացուցած է լիբանանահայութեան որպէս համայնք «անկում»ի երեւոյթին։ Առանց ժխտելու այն առանցքային դերակատարութիւնը, որ լիբանանահայութիւնը ունեցած է Սփիւռքի հայապահպանման սահմանումին ու գործնականացման մէջ, Ֆրանսա հրատարակուող «Լէ նուվել տ՚Արմէնի» ամսաթերթի Հայաստանի թղթակից ընկերաբանը կը գտնէ, որ Սփիւռքի այն բնորդը, որ լիբանանահայութիւնը պատրաստեց ու փորձեց արտահանել, չէր կրնար երբեք գործնականացուիլ Լիբանանէն դուրս, եւ թերեւս նոյնիսկ Լիբանանի քաղաքական մէկ շատ իւրայատուկ ժամանակաշրջանէն անդին։ Համայնքի «անկում»ը, Ռիթթերի գրութենէն մեկնելով, պէտք է մեկնաբանել որպէս հայապահպանման մէկ բնորդի բնական սպառումը։ Նոյն տրամաբանութեամբ կարելի է հետեւցնել, որ «անկում»ը հոմանիշ է Սփիւռքի համար համայնքի այսպէս կոչուած «կեդրոնականութեան» կորուստին։
Ռիթթերի վերլուծութեան քննարկումը առանձին նիւթ է։ Սակայն կը ծառայէ որպէս մեկնակէտ՝ այս «անկման» մէջ գտնուող համայնքի ներկային մասին մտածելու Օգոստոս 5ի քաղաքական յաջողութեան լոյսին տակ։ Արդարեւ, կասկած չկայ, որ անցնող երկու տասնամեակներուն առնուազն, Սփիւռքի «աշխարհագրութիւնը» արմատականօրէն փոխուեցաւ։ Փաստօրէն, Միջին Արեւելքի «կեդրոնէն» ծայր առաւ արեւմտականացման հոսանք մը, որ գումարուած Պաղ պատերազմի աւարտով ԱՄՆի գրաւած համաշխարհային գերպետութեան դիրքին, եւրոպական գործընթացին, եւ, բնականաբար, Հայաստանի անկախացման, այսօր հիւսիսամերիկեան, եւ որոշ չափով եւրոպական, հայ համայնքները վերածած է Սփիւռքի ոչ միայն վերապրումին, այլ դրական փոփոխման հայելիի։ Միջին Արեւելքը, եւ յատկապէս լիբանահայութիւնը, այսօր դէմ յանդիման կը գտնուին աննախընթաց անորոշութեան, ի հետեւանք տարածաշրջանի ապրած տագնապին։
Սակայն ճիշդ այս անորոշութեան պատճառով ալ Օգոստոս 5ի քաղաքական յաջողութիւնը իր կարեւորութիւնը կը ստանայ։ Յստակ չէ, թէ ո՛ր ազդակն էր, որ ամէնէն աւելի վճռական եղաւ հայութեան ընտրական զօրաշարժին համար. կուսակցական ու համայնքային ղեկավարութեան ատակութի՞ւնը, փաղանգաւոր թեկնածուին հակահայ քարոզարշաւի հակազդեցութի՞ւնը, ներքին ինքնասթափման ալի՞ք մը… Թերեւս այս եւ ուրիշ ազդակներու ներգործութիւնը կարելի է հասկնալ միայն անոնց փոխազդեցութեան հոլովոյթին մէջ, առանց առանձնացնելու անոնցմէ եւ ոչ մէկը։ Հիմնականը այն է, որ լիբանանահայութիւնը արձագանգեց Դաշնակցութեան կոչին եւ իր քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարեց՝ լիբանանեան համայնքային ոլորտին մէջ իր շահերու պաշտպանութեան ամբողջական գիտակցութեամբ։ Անշուշտ, փափաքելի պիտի ըլլար, որ նման կեցուածքի բնութագրման ետին կանգնած ըլլային հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու համայնքային ղեկավարները, այնպէս, ինչպէս քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն օրինակելի միասնականութեամբ գործած էին անոնք։ Դժբախտաբար, սակայն, ծանօթ պատճառներով, Դաշնակցութիւնը առանձին մնացած է համայնքի ղեկավար դիրքերուն վրայ, իսկ այլ ցանկերէ ընտրուած հայ քաղաքացիներ չեն յաջողիր հայութեան ներկայացուցչութեան կարելիութիւն ունենալ։ Հակառակ ատոր, պառակտման փորձերու փորձութեան մատնուողներ այս հանգրուանին ալ երեւան ելան այսպէս կոչուած «Ազատ հայերու շարժում»ի մը ստեղծումով, սակայն այն դեռեւս շատ հեռու է համայնքէն ներս ղեկավար որեւէ դերի ստանձման կարելիութենէն։
Հետեւաբար, այս հանգրուանին երկու հարցում իրենք իրենց կը պարտադրեն։ Առաջին՝ լիբանանեան քաղաքական գործընթացի համար այնքան վճռորոշ սեպտեմբերեան նախագահական ընտրութիւններուն, որոնք կրնան ճակատագրական ըլլալ երկրի անմիջական ապագային համար, պիտի շարունակուի՞ Օգոստոս 5ի զօրաշարժի յուսադրիչ երեւոյթը թէկուզ եւ բառացի իմաստով քուէարկելու հարց չըլլայ, այլ՝ խորհրդարանէն ներս համայնքի ներկայացուցիչներուն, իմա՛՝ Դաշնակցութեան, նեցուկ կանգնելու։ Թէ՞ համայնքի պառակտման ճիգերը պիտի բազմանան, եւ եթէ ոչ որակի, թերեւս գոնէ քանակի ազդակի ազդեցութեամբ պիտի թուլացնեն քաղաքական (եւ քաղաքացիական) յանձնառութիւնը։ Երկրորդ, կարելի պիտի ըլլա՞յ Օգոստոս 5ի արդիւնքներուն հետեւումով Սփիւռքի ուշադրութիւնը անգամ մը եւս սեւեռել լիբանանահայութեան վրայ, այնպէս ինչպէս կարելի չեղաւ ընել իրաքահայութեան պարագային։ Այլ խօսքով՝ եթէ երկրի ապակայունացման հոլովոյթը այնքան խորանայ ի հետեւանք քաղաքական հակամարտութեան, որքանո՞վ Հայաստանի պետութիւնն ու Սփիւռքի միւս համայնքները լիբանանահայութեան կողքին ըլլալու պատրաստ են։ Լիբանահայութեան «կողքին ըլլալ»ը այս հանգրուանին չի վերաբերիր միայն անհրաժեշտ դրամահաւաքին, այլեւ լիբանանահայութիւնը «մեր սրտերուն եւ մտքերուն մէջ» ունենալու յանձնառութեան։
Ճիշդ է, գործնականին մէջ շատ դժուար է «մեր սրտերուն եւ մտքերուն մէջ»ը շօշափելի նախաձեռնութիւններու վերածել, եւ, ամէն պարագայի, ամէն նախաձեռնութիւն պիտի ունենայ իր որոշիչ սահմանափակումները։ Վերջին հաշուով, Լիբանանի 1975-1990 քաղաքացիական պատերազմի նախօրեակին Սփիւռքը զօրաշարժի ենթարկուեցաւ լիբանանահայութեան օժանդակութեան հասնելու համար, սակայն, պարզ է, կարելի չեղաւ զսպել համայնքի մաշումը ի հետեւանք տագնապի երկար տարիներուն։ Իրապաշտօրէն նաեւ պէտք է ընդունիլ, որ այսօր իւրաքանչիւր համայնք իր տեղական ոլորտին մէջ ունի իրեն յատուկ մտահոգութիւնները, որոնք առաջնահերթային են համայնքին ու անոր ղեկավարութեան համար, որքան ալ որ համեմատաբար նուազ կարեւոր թուին, քան առանցքային ամբողջ համայնքի մը վերապրումը։ Առաւել՝ հայութեան ազգային իրաւունքներու հետապնդման տեսանկիւնէն, քաղաքական աշխուժութեան եւ կենսականութեան երկու կեդրոնները այսօր Ուաշինկթըն ու Պրիւքսէլն են, առաջինը՝ Քոնկրէսի մէջ Ցեղասպանութեան ընդունման ծրագրով եւ երկրորդը՝ Թուրքիոյ եւրոպական գործընթացի բանակցութիւններով։
Սակայն, «անկման» մէջ գտնուող համայնքի մը կողքին ըլլալու յանձնառութիւնն ու վճռակամութիւնը, լիբանանահայութիւնը «մեր մտքերուն ու սրտերուն մէջ» պահելու նախանձախնդրութիւնը իր կարեւորութիւնը ունի ոչ միայն բարոյական, այլ նաեւ քաղաքակա՛ն իմաստով։ Այդ ուղղութեամբ որեւէ ճիգ, սփիւռքեան մէկ ինքնակերտ ճակատագրի եւ ինքնութեան գիտակցութեան պատգամն է, որ կը սփռէ։ Նման հեռանկարով, ի հարկէ, առանցքային կրնայ ըլլալ հայկական պետութեան դերակատարութիւնը, Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութենէն արձակուած պատգամները։ Եթէ, անշուշտ, Սփիւռքը Հայաստանի քաղաքական անձանց մտքին մէջ իր տեղը գրաւած է, եւ Սփիւռքի հանդէպ յանձնառութիւնը չի նոյնանար պատահական եւ յաւուր պատշաճի դրսեւորումներու հետ…
(*) Խ. Տէր Ղուկասեան քաղաքական գիտութեանց դասախօս է Պուէնոս Այրէսի մէջ եւ ծանօթ հրապարակագիր: