ՊԵԼԿՐԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Վուք Երեմիչ յայտնեց, որ համոզուած է, թէ Քոսովոյի ապագայ կարգավիճակին շուրջ լուծում մը կարելի է գտնել: Ան նշեց, որ Սերպիա պատրաստ է մինչեւ իսկ որոշ գերիշխանական իրաւասութիւններէ զիջիլ:
Երեմիչ յայտնեց, որ անկախութեան ալպանական պահանջներուն գոհացում տալու համար Քոսովոյին կրնայ տրուիլ «աշխարհի մէջ կարելի ամէնէն լայն ինքնավարութիւնը»:
Քոսովօ մաս կը կազմէ Սերպիոյ, սակայն 1999ի պատերազմին աւարտէն ի վեր ՄԱԿի կողմէ կը ղեկավարուի: Քոսովոյի բնակչութեան ալպանացի մեծամասնութիւնը կ՚ուզէ Սերպիայէն անկախանալ: ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Քոսովոյի անկախութիւն պարգեւելու փորձերուն ձախողութեան մատնուելէն ետք, Պելկրատի սերպ եւ Քոսովոյի ալպանացի ղեկավարութեանց միջեւ նոր բանակցութիւններ ծրագրուած են:
Երեմիչ ընդունեց, որ Պելկրատի սերպ եւ Քոսովոյի ալպանացի ղեկավարութեանց դիրքորոշումներուն միջեւ մեծ վիհ մը գոյութիւն ունի: Խօսելով գերիշխանական այն իրաւասութեանց մասին, որոնց Քոսովօ կրնայ տիրանալ՝ Երեմիչ յայտնեց, որ շրջանը կրնայ «Համաշխարհային դրամատան, Միջազգային դրամական հիմնադրամին հետ կապեր ունենալ, ինչպէս նաեւ արտասահմանի մէջ որոշ ներկայացուցչութիւն ունենալ»:
«Մենք պատրաստ ենք բազմաթիւ բաներէ հրաժարիլ, սակայն անոնք եւս պէտք է պատրաստ ըլլան բանէ մը հրաժարիլ», ըսաւ Երեմիչ: Ան նաեւ ողջունեց Ռուսիոյ ցուցաբերած աջակցութիւնը, սակայն աւելցուց, թէ Սերպիոյ ապագան Եւրոպական միութեան մէջ կը գտնուի:
ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնած էր, որ Քոսովոյի երկու կողմերէն մէկը կեցուածքի հիմնական շրջադարձ մը պէտք է կատարէ, որպէսզի յառաջիկայ բանակցութեանց ընթացքին կարելի ըլլայ լուծում մը գտնել: