ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներ այցելող Իրաքի նախագահ Ճալալ Թալապանի Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26ին սփռուած հարցազրոյցի մը մէջ Իրաքի դիմագրաւած հարցերուն պատասխանատուութեան մեծ մասը բեռցուցած է դրացի պետութեանց ուսերուն, միաժամանակ սպառնալով այդ երկիրներուն ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալ, եթէ անոնք չդադրին օժանդակութիւններ տրամադրելէ Իրաքի կայունութիւնը խախտող ուժերուն:
Միւս կողմէ, Թալապանի ամերիկեան «Նիւզուիք» շաբաթաթերթին յայտնած է, թէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան համոզած է, որ դադրեցնէ հիւսիսային Իրաքէն Թուրքիա յարձակումները եւ աւելցուցած է, թէ «քանի մը օր ետք» պաշտօնապէս զինադադար պիտի հռչակուի: «Այս մէկը պիտի օգնէ, որ Իրաք Թուրքիոյ հետ նոր էջ մը բանայ», ըսած է նախագահը։
Նկարին մէջ, Թալապանի եւ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Տէնիս Հէսթըրթ: