ԱՇԽԱՊԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Ցմահ Թիւրքմէնիստանի նախագահ Սափարմուրատ Նիազով, որ 21 տարիներէ ի վեր այդ պաշտօնին վրայ կը գտնուէր, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21ին իր մահկանացուն կնքեց, քաղաքական անորոշութիւն մը ստեղծելով:
Յայտնենք, թէ Խորհրդային Միութեան տարանջատումէն ետք Թիւրքմէնիստանի մէջ տեղի ունեցած բոլոր ընտրութիւնները անարդար որակուած են արեւմտեան դէտերու կողմէ, սակայն Նիազով իր անձին շուրջ պաշտամունքի աղանդ մը կրցած էր պարտադրել բնական կազով հարուստ երկրին:
Սրտի կաթուածի մը զոհ գացած 66ամեայ նախագահին փոխարէն ժամանակաւոր ղեկավար մը որոշելու եւ նախագահական ընտրութեանց թուական մը ճշդելու համար խորհրդաժողով մը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 26ին, այսինքն Նիազովի թաղման արարողութենէն երկու օր ետք:
Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Հինգշաբթի օր Թիւրքմէնիստանի իշխանութեանց իր ցաւակցութիւնները յայտնեց նախագահին մահուան առիթով:
Երկրին տարածքին Նոր տարուան առիթով զետեղուած զարդարանքներ սկսան վերցուիլ Հինգշաբթի օր, մինչ պետական պատկերասփիւռի կայանը դադրեցուց իր սովորական հաղորդումները, դասական երաժշտութիւն սփռելով եւ ցուցադրելով երկրին դրօշակը:
Նկարին մէջ, Նիազով Հոկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդաժողովի մը ընթացքին: