Southwest Chamber Music սենեկային նուագախումբը, որ երկու անգամ «Կրէմի» մրցանակին արժանացած է, իր հիմնադրութեան 20ամեակին առթիւ համերգ պիտի տայ յառաջիկայ ամիս:
Այս համերգին, նուագախումբին հետ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ամերիկահայ թմբկահար Լին Վարդան, որ պիտի կատարէ Ուիլեըմ Քրաֆթի Encounter III գործը (գրուած՝ թմբուկի եւ փողի համար):
Համերգը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Փետրուար 24ի երեկոյեան ժամը 8ին, Norton Somon թանգարանին մէջ: Համերգը պիտի կրկնուի Երկուշաբթի, Փետրուար 26ին նոյն ժամուն՝ Colburn School of Performing Arts-ի համերգասրահին մէջ, Կրէնտ Էվընիւի մօտ, Լոս Անճելըս:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է հեռաձայնել
(626) 685-4455 թիւին: