Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի ամառնայի փառատօնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 6, Շաբաթ 7 եւ Կիրակի 8 Յուլիս 2007, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը, Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական կեդրոնի ընդարձակ բակին մէջ հաստատուած հսկայական վրանին տակ եւ անոր շուրջ:
Երեք օրերու ընթացքին փառատօնին ներկայ գտնուեցան 7000է աւելի հայորդիներ, ինչպէս նաեւ ազգային եւ պետական պաշտօնատարներ, որոնց շարքին՝ տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեղրիկ Ծ. վրդ. Բարիքեան, Օնթարիոյի նախկին վարչապետ Պապ Ռէյ, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ եւ պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Ճան Թուրի, երեսփոխան Պ. Տուքըն, ինչպէս նաեւ դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական խորհրդարաններու անդամներ ու պաշտօնական հրաւիրեալներ:
11րդ տարին ըլլալով Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը կը կազմակերպէ իր տարեկան ամառնային փառատօնը: Այս տարի եւս, փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբի 20 անդամները, ղեկավարութեամբ տարիներու փորձառութիւն ունեցող Վահէ Թաշճեանի եւ 200 կամաւորներու, մեծ յաջողութեամբ վարեցին եռօրեայ փառատօնին բոլոր տեսակի աշխատանքները:
Փառատօնին առաջին գիշերը ելոյթ ունեցան երգիչներ Էնտի եւ Արմէնչիք, խանդավառելով 2000 ներկաները: Շաբաթ գիշերուան յայտագիրը ճոխացուցին երգիչներ Արմէնչիք եւ Փօլ Պաղտատլեան, ներկայութեամբ 2500է աւելի ազգայիններու, իսկ Կիրակի գիշերուան ձեռնարկը խանդավառեց երգիչ Թաթա Սիմոնեան, Հայաստանէն, զուարճացնելով աւելի քան 2500 ներկաները:
Եռօրեայ փառատօնը Հայ կեդրոնին ապահովեց մօտաւորապէս 90 հազար տոլարի հասոյթ մը, որ նախորդ տարիներուն պէս այս տարի ալ պիտի յատկացուի Հայ կեդրոնի նորոգութեան ծախսերուն:
Ներկաներուն ուտելիքներով, աղանդերներով, խմիչքներով, քաղցրաւենիներով եւ խմորեղէններով յաջող եւ գոհացուցիչ սպասարկութեամբ գոհացուցին MERON ճաշարանը եւ ARZ ուտեստեղէնի հաստատութիւնը:
Առ այդ, Հայ կեդրոնի վարչութիւնը գնահատանքի խօսք կ’ուղղէ եւ իր մասնաւոր շնորհակալութիւնները կը յայտնէ փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբին, կամաւորներու խումբի իւրաքանչիւր անդամին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամներուն, որոնք ղեկավարեցին մանուկներու խաղերը, Հայ կեդրոնի եւ Հայ Երիտասարդական կեդրոնի ղեկավարներուն, փառատօնի գրքոյկին ծանուցումներ եւ գովազդներ տրամադրած անհատներուն եւ հաստատութիւններուն, որոնք օգտակար կը դառնան Հայ կեդրոնի ձեռնարկներու յաջողութեան: