ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Արմէնփրէս».- «Թուրքիան էլ է գիտակցում, որ Սեւրի պայմանագիրն ինչ-որ չափով, ինչ-որ ձեւով գործելու է», երէկ, Օգոստոս 7ին «Ուրբաթ» ակումբին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան եւ նշեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հաստատման հիմնական խոչընդոտը Անգարայի դիրքորոշումն է. «Թուրքիայում ընթացող ներքին պայքարը թոյլ չի տալիս պաշտօնական Թուրքիային որոշելու՝ ինչ անել: Կարծում եմ՝ Թուրքիայի որոշ քաղաքական ուժեր ցանկանում են բնականոն յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ, սակայն նրանք հանդիպում են բանակի կամ «խորքային պետութեան» արգելքին», ըսաւ Կ. Մանոյեան:
Ան աւելցուց, որ քանի դեռ Թուրքիոյ ներքին հակամարտութիւնը չէ կարգաւորուած, չէ որոշուած՝ բանա՞կը, թէ քաղաքական իշխանութիւններն են պետական քաղաքականութիւն վարողը, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ բարելաւում ակնկալելը հիմք չունի:
Մանոյեան համոզում յայտնեց, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները պէտք է կարգաւորուին միայն Սեւրի դաշնագրի տրամադրութիւններուն համաձայն:
Խօսելով ամերիկեան վարչակազմին կողմէ Ռիչըրտ Հոկլընտի թեկնածութիւնը որպէս Հայաստանի մէջ դեսպան ետ քաշելուն մասին, Մանոյեան յայտարարեց, որ «նշանակման հարցի նման լուծումը ԱՄՆի հայ համայնքի յաղթանակն էր», այն իմաստով, որ համայնքը քաղաքական տարբեր դէմքերու աջակցութեամբ կասեցուց գործընթաց մը, որուն իբրեւ արդիւնք Հայաստան պիտի գար ամերիկացի այնպիսի դիւանագէտ մը, որ հարցականի տակ կը դնէր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը եւ աւելցուց, որ ի տարբերութիւն Հոկլընտի, Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական կեցուածքը այնպիսին է, որ նոյնիսկ «ցեղասպանութիւն» բառը չօգտագործելով, կատարուած Ցեղասպանութեան փաստը հարցականի տակ չի դրուիր։
«Սա հայկական յաջողութիւն էր, ինչու չէ՝ նաեւ Հայաստանի դիւանագիտութեան յաջողութիւն կարելի է համարել, թէեւ Հայաստանն ուղղակիօրէն ոչինչ չի արել այդ ուղղութեամբ։ Բայց կարծում եմ, որ սա նոյնպէս կարեւոր էր, քանի որ Սպիտակ տունը ցանկանում էր, որ պաշտօնական Երեւանը հայ համայնքի վրայ ճնշում բանեցնի, որպէսզի Հոկլընտի հաստատման արգելքը վերացուի, բայց պաշտօնական Երեւանը, բարեբախտաբար, դա չարեց», յայտնեց Կ. Մանոյեան։
Պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, որ արդեօք Հոկլընտ չէ՞ր ըսած, թէ ան պէտք է իրականացնէ ԱՄՆ քաղաքականութիւնը Հայաստանի մէջ, եւ ինչո՞ւ նման պատասխանը այսպիսի իրարանցում առաջացուց, Կ. Մանոյեան յիշեցուց, որ Հոկլընտ, որոշ հարցերուն ի պատասխան, նման բան ըսած է, բայց իրական պատճառը դեսպանի թեկնածուի գրաւոր մէկ պատասխանն է: Երբ իրեն հարցուած է, թէ «ըստ ԱՄՆի՝ ո՞ր դէպքերն են, որ պէտք է որակուին ցեղասպանութիւն, եւ ինչո՞ւ ԱՄՆը 1915 թուականի հայկական դէպքերը ցեղասպանութիւն չ’որակեր», Հոկլընտ քայլ մը առաջ անցած էր Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական տեսակէտէն եւ պատասխանած էր, թէ «ԱՄՆի համար անհրաժեշտ է պարզել ոճրի կանխամտածուած լինելը» եւ այս պատասխանն էր, որ յարուցած էր հայ համայնքի դժգոհութիւնը։
Իսկ հարցումի մը, թէ ինչո՞ւ Սպիտակ տունը տեղի տուաւ եւ յաջորդ դեսպանը, որ պիտի գայ Հայաստան, պէտք է հեռու մնայ Ցեղասպանութեան թեմայի արծարծումէն, Մանոյեան նշեց, որ ըստ «Լոս Անճելըս թայմզ»ի լրատուութեան, Սպիտակ տունը հրաժարեցաւ Հոկլընտի թեկնածութենէն, քանի որ Հոկլընտ ինք դիմած էր Սպիտակ տուն՝ նկատելով, որ իր թեկնածութիւնը երբեք պիտի չհաստատուի Ծերակոյտի կողմէ։ Իսկ Ծերակոյտը այնպիսի ընթացակարգ ունի, որ նոյնիսկ մէկ ծերակուտականի առաջարկով հնարաւոր է անընդհատ յետաձգել հաստատման օրակարգը:
Կ. Մանոյեան ընդգծեց, որ «ՀՀում ԱՄՆ յաջորդ հաւանական դեսպանը պէտք է ճիշդ կեցուածք որդեգրի Հայկական հարցի վերաբերեալ»: