ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիա այցելող Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքէլ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 5ին հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի հետ, պնդելով, թէ Եւրոպական միութեան անդամակցելու Թուրքիոյ բանակցութիւնները կախեալ են Կիպրոսի հանդէպ Անգարայի որդեգրելիք կեցուածքէն:
Մերքէլ շեշտեց, թէ Անգարա պէտք է յարգէ Կիպրոսի դէմ դրուած սահմանափակումները վերցնելու նպատակով իր տուած խոստումները, սակայն հակառակ այս ազդարարութեան, Էրտողան շեշտեց, թէ Թուրքիա Կիպրոսի առջեւ իր օդակայաններն ու նաւահանգիստները պիտի չբանայ, մինչեւ այն ատեն, որ գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի շրջափակումը չէ վերցուած:
Հակառակ Էրտողանի այս կեցուածքին, Մերքէլ յոյս յայտնեց, որ կարելի կ’ըլլայ երկու կողմերուն ընդունելի լուծում մը գտնել:
Յիշեցնենք, թէ վարչապետ դառնալէ առաջ Մերքէլ առաջ կը քշէր Թուրքիան Եւրոպական միութեան «առանձնաշնորհեալ գործընկեր» դարձնելու ընտրանքը, ընդդիմանալով զայն լիիրաւ անդամ դարձնելու գաղափարին: