ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիա եւ Իսրայէլ կը փափաքին հսկայ ծրագիր մը իրականացնել բնական կազ, ելեքտրականութիւն եւ ջուր փոխադրելու համար։ Այս գծով քննարկումներ կատարելու համար այսօր, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13ին Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Հիլմի Կիւլէր պիտի այցելէ Իսրայէլ։
Իսրայէլ կը ծրագրէ Ռուսիայէն բնական կազ ներածել Թուրքիոյ ճամբով եւ այդ նպատակով ալ արդէն իսկ բանակցութիւններ սկսած է ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան հետ։
Հանդիպումին ընթացքին Կիւլէր եւ իսրայէլացի իր պաշտօնակիցը պիտի քննեն Միջերկրական ծովու յատակէն անցնող նման կազատարի մը կառուցման կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի սերտեն ջուր, ելեքտրականութիւն եւ ուժանիւթ փոխադրելու ցանց մը կառուցելու ծրագիրը:
Նշենք, թէ Թուրքիոյ Մանաւկաթ գետէն ջուր ներածելու Իսրայէլի ծրագիրը նախապէս կասեցուած էր 1990ական թուականներու աւարտին, նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ պահանջած սակը չէր քաջալերած իսրայէլացիները։
Շատերու կարծիքով, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ նման ծրագրի մը յաջողութիւնը կրնայ ճամբայ հարթել ռուսեւթրքական ռազմավարական յարաբերութիւններու բարելաւման։
2004ին Թուրքիա իր այցելութեան ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին առաջարկած էր ռուսական արտածումները Թուրքիոյ ճամբով կատարել եւ նման առաջարկ մը ըրած էր նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ահմատ Նէճտէթ Սէզէր, որ անցեալ Յունիսին պաշտօնական այցելութիւն մը տուած էր Ռուսիա։
Ռուսիա լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէ Ուքրանիոյ հետ, որ ռուսական արտածման գլխաւոր ճամբան է։ Անցեալ տարի դէպի Եւրոպա ռուսական կազի արտածումը վտանգուեցաւ քարիւղի գիներու տագնապին պատճառով եւ, հետեւաբար, Ռուսիա լրջօրէն կը մտածէ Թուրքիոյ դիմելով՝ շրջանցել Ուքրանիան։ Այս բոլորին լոյսին տակ, Սեւ ծովուն յատակէն անցնող Կապոյտ կազատարին երկրորդ բաժինը կրնայ կառուցուիլ եւ, ռուսական մամուլին համաձայն, ատոր համար համաձայնութիւն գոյացած է արդէն «Կազփրոմ»ի եւ իտալական «Ի.Էն.Այ.» ընկերութեան միջեւ: Այս ձեւով Ռուսիա կը մտադրէ բնական կազ արտածել դէպի Եւրոպա, ինչպէս նաեւ՝ դէպի Իսրայէլ:
Թուրքիա ցարդ պաշտօնապէս չէ պատասխանած ռուսական առաջարկին: