ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ մտահոգութիւն յայտնած է Իրաքի մէջ դաշնակցային վարչաձեւի մը հաստատումին վերաբերեալ։ Կիւլ յայտնած է, թէ նման քայլ մը Իրաքը կը բաժնէ սիւննի, շիի եւ քիւրտ մասնիկներու եւ մեծապէս կը վտանգէ երկրին կայունութիւնը։
Կիւլի համաձայն, նման քայլ մը անպայմանօրէն քաղաքացիական պատերազմի պիտի առաջնորդէ, եւ նման պարագայի դրացի երկիրները «ստիպուած» պիտի միջամտեն եւ Միջին Արեւելքը ստիպուած պիտի կրէ բեռ մը, որ իր կարողութենէն աւելի ծանր է։
Նշենք, թէ Իրաքի սիւննի, շիի եւ քիւրտ ղեկավարները անցեալ շաբաթ հանդիպում մը ունեցան, քննելու համար երկրին մեծագոյն շիի երեսփոխանական պլոքին՝ Միացեալ Իրաքի դաշինքին կողմէ խորհրդարանին ներկայացուած դաշնակցային վարչաձեւ հաստատելու վերաբերող նախագիծը։
Այս զարգացումով մտահոգ են նաեւ սիւննի արաբները, որոնք Իրաքի մէջ փոքրամասնութիւն են եւ երկրին բաժանումին պարագային բոլորովին կը տկարանան, նկատի ունենալով, որ երկրին քարիւղի պահեստները կը գտնուին շիիներու եւ քիւրտերու շրջաններուն մէջ։
Ամերիկայի Թրքական միութեան կազմակերպած մէկ հանդիպումին ընթացքին խօսք առնելով՝ Կիւլ ըսած է. «Իրաքի մէջ շարունակուող վայրագութիւնը վնաս կը հասցնէ ոչ միայն Իրաքի, այլ նաեւ՝ ընդհանուր շրջանին եւ համայն աշխարհին։ Այս պատճառով է, որ կ՚ուզենք կառչած մնալ Իրաքի հողային ամբողջականութեան եւ քաղաքական միասնականութեան»։
Կիւլ նաեւ ըսած է, թէ Իրաքի երկփեղկումը մեծ վնաս կը հասցնէ նաեւ դաշնակից ուժերուն, որոնք կրնան այդ մէկուն պատասխանատուն նկատուիլ։