ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ ընտրական յանձնաժողովը հաղորդեց, թէ սահմանադրական բարեփոխումներու հարցով հանրաքուէն Հոկտեմբեր 21ին տեղի պիտի ունենայ:
Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան առաջադրած բարեփոխումներուն դէմ նախագահ Ահմատ Նէճտէթ Սէզէրի գործադրած վէթոն պատճառ դարձած էր, որ բարեփոխումները հարցը հանրաքուէի հասնի եւ Թուրքիոյ ժողովուրդ վճռէ անոր ճակատագիրը:
Բարեփոխումներուն գլխաւոր կէտը նախագահը այսուհետեւ ուղղակի ժողովուրդին կողմէ ընտրելու պայմանն է, որովհետեւ ցարդ Թուրքիոյ նախագահը խորհրդարանին կողմէ կ’ընտրուի:
Նաեւ, եթէ բարեփոխումները վաւերացուին, այսուհետեւ Թուրքիոյ նախագահը երկու անգամ եւ հինգական տարի պաշտօնավարելու իրաւունք պիտի ունենայ, մինչ ներկայիս նախագահը վերընտրուելու իրաւունք չունի, սակայն եօթը տարի կը պաշտօնավարէ: