ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիրները քննադատեցին վարչապետի Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, որ անուղղակիօրէն կը փակէր հիւսիսային Իրաք ներխուժելու ընտրանքին դուռները եւ սպաննուած զինուորներուն յուղարկաւորութեան ընթացքին բողոքի ցոյցերուն շուրջ քննութիւն բանալու քայլը: Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Տէնիզ Պայքալ լրագրողներուն ըսաւ, որ «այս կառավարութիւնը, վարչապետ Էրտողանը ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մեծագոյն արգելքն է: «Թուրքիա նախ եւ առաջ իր հողատարածքին վրայ գտնուող ահաբեկչութեան վերջ պէտք է տայ» յայտարարութիւնը չի կրնար Թուրքիոյ ղեկավարին պատկանիլ: Ասիկա Պարզանիի, Թալապանիի եւ Միացեալ Նահանգներու խօսքն է: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ անոնք երբեք չեն հասկցած ահաբեկչութեան դէմ պայքարը»:
Պատասխանելով զինուորի մը յուղարկաւորութեան ընթացքին կառավարութեան դէմ բողոքած անձերուն դէմ ձեռնարկուած քննութեան վերաբերեալ հարցումի մը՝ Պայքալ ըսաւ. «Ասիկա ցոյց կու տայ վարչապետին հոգեբանութիւնը՝ ջղագրգռութիւնը: Ասիկա վարչապետի մը յարմար կեցուածք չէ»: Երեքշաբթի օր ութ հոգի ձերբակալուած էին կառավարութեան եւ վարչապետին դէմ բողոքելու պատճառով եւ նախնական հարցաքննութենէ ետք ազատ արձակուած էին:
Պայքալ յայտնեց, որ ասիկա առաջին անգամն է, որ զինուորի մը յուղարկաւորութեան ընթացքին իշխանութեան գլուխը գտնուող կուսակցութեան դէմ բողոքի ցոյց տեղի կ՚ունենայ՝ նշելով, որ «ժողովուրդը իր բարկութիւնը արտայայտեց, որովհետեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ կառավարութեան ձախողութենէն յուսալքուած է»:
Միւս կողմէ, ծայրայեղ ազգայնամոլ Ազգային շարժումի կուսակցութեան ղեկավար Տէւլէթ Պահչելի Չորեքշաբթի օր հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ Էրտողան ապահովական ուժերու ճամբան կը փակէ՝ նշելով, որ «այսօրուան մութ եւ արիւնոտ կացութեան ճարտարապետը վարչապետ Էրտողանն է»:
Յայտնելով, որ Էրտողան իր վերջին յայտարարութեամբ Իրաքի քիւրտ ղեկավար Մասուտ Պարազանին կը քաջալերէ, Պահչելի ընդգծեց, թէ յանձնախումբ մը պիտի կազմէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին շուրջ քննութիւն կատարելու համար:
Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան նոր կեդրոնատեղիի բացման հանդիսութեան ընթացքին ընդդիմութեան քննադատութիւններուն պատասխանելով յայտնեց. «Նահատակներուն յուղարկաւորութիւնները քաղաքական նպատակներով շահագործելը սխալ է»: