ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Լրագրողներու միութեան «Մամլոյ ազատութիւն 2007»ի մրցանակաւորները յայտնի դարձան Երեքշաբթի, Յուլիս 10ին:
Այս տարուան մրցանակներուն արժանացան Յունուարին սպաննուած «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինք, Ռակըպ Զարաքօլու եւ փաստաբան Կիւլչին Չայլըկիլ։
Լրագրողներու միութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, այս տարուան մրցանակը՝ 301րդ յօդուածէն տուժած եւ դատապարտուած բոլոր լրագրողներու եւ գրագէտներու անունով է, որ կը յանձնուի մրցանակակիրներուն:
Մրցանակաբաշխումը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 24ին: