ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ նախկին վարչապետներէն Պիւլէնտ Էճեւիտ, որ մօտաւորապէս կէս դար երկրի քաղաքական թատերաբեմին վրայ էր, մահացաւ Կիրակի երեկոյեան, հիւանդանոցի մը մէջ, Անգարա:
Բանաստեղծ, հրապարակագիր եւ քաղաքական դէմք, Պիւլէնտ Էճեւիտ 81 տարեկան էր: Ան անցնող Մայիսին ուղեղային կաթուածի հետեւանքով հիւանդանոց փոխադրուած էր եւ կը մնար մահաքունի մէջ:
Առաջին անգամ 1972ին Էճեւիտ գրաւեց վարչապետի պաշտօնը, առաջին ձախակողմեան քաղաքական դէմքը, որ այդ պաշտօնին կը տիրանար: Իր օրով եւ իր ղեկավարած կառավարութեան որոշումով էր, որ Թուրքիա 1974ի ամառը յարձակեցաւ Կիպրոսի վրայ եւ գրաւեց անոր հիւսիսային բաժինը, զոր գրաւած կը պահէ ցարդ, թէեւ կարգ մը լրատուամիջոցներ ոչ իսկ մէկ տողով նշեցին այս փաստը անոր մահուան առիթով իրենց հրապարակած լրատուութիւններուն մէջ: