Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան լուրը Ուրբաթ, 19 Յունուարին, ելեքտրական հոսանքի արագութեամբ տարածուեցաւ հայկական ու միջազգային շրջանակներու մէջ, ստեղծելով իսկական ու կեղծ յուզումի ալիքներ։
Յուզումը համակեց ողջ հայութիւնը, եւրոպական շրջանակներն ու միջազգային մամուլը, իսկ Թուրքիա հանդէս եկաւ մշտնջենական կեղծաւորի իր դիմակով, իր պետական աւագանիին բերնով յայտարարելով, որ Տինքի դէմ արձակուած փամփուշտը ուղղուած է Թուրքիոյ, ժողովրդավարութեան, ազատ արտայայտութեան եւ, տակաւին՝ շատ մը նմանօրինակ ազնիւ սկզբունքներու ու արժէքներու դէմ. մեզի ծանօթ է, որ այս բոլորին՝ Թուրքիոյ մէջ կիրարկման վերջին տասնամեակներու ապացոյցները եղած են… ընդդիմադիրներու եւ այլախոհներու դէմ հալածանքները, քիւրտերու ջարդերը, Կիպրոսի տագնապն ու )ցանկը երկար է ու ծանօթ(։
ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՃԻՐ
Կարելի է երկարօրէն ու մանրամասնօրէն կանգ առնել ոճիրին ստեղծած արձագանգներուն ու մեկնաբանութիւններուն վրայ, որոնցմէ ամէնէն ուշագրաւը կապ ունի այս արարքին ու Եւրոպական միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան դիմումի ոլորտին հետ։ Սակայն մենք կ՚ուզենք ուշադրութիւն կեդրոնացնել հիմնական կէտի մը վրայ, հարց տալով, որ Թուրքիոյ պետութիւնը որքանո՞վ մեղսակից է Տինքի սպանութեան ոճիրին։
Հարցումին շարժառիթը՝ նոյնինքն Թուրքիոյ պետական մարդոց փութկոտ յայտարարութիւններն էին ու անոնց քաղաքականութեան )ի մասնաւորի Ցեղասպանութեան հարցին առնչութեամբ( հաւատարիմ՝ թրքական մամուլի մեկնաբանութիւնները։ «Գող, սիրտը դող» խօսքը հազուադէպօրէն այսքան բարձրաղաղակ դրսեւորում գտած է։ Վարչապետ Էրտողան փութաց յայտարարելու, որ Տինքի սպանութիւնը Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան ուղղուած հարուած էր։ «Հիւրրիէթ»ի խորագիրը «հայրենիքին դաւաճան» կ՚որակէր ոճրագործը։ Ուրիշներ աւելի կրաւորական խորագիրներու տակ կը ներկայացնէին դէպքը։ Բոլորին չըսած-չգրածը, բայց ըսել ուզածը այն էր, որ Թուրքիան, պաշտօնական Թուրքիան պէտք չէ յանցաւոր նկատել այս ոճիրին, մանաւանդ որ երիտասարդ ոճրագործը, ըստ ականատես վկայի մը, փամփուշտները արձակելէ ետք բացագանչած էր, որ ինք «անհաւատ մը» եւ Թուրքիան, թուրքերը անուանարկող մը սպաննած է։ Այլ խօսքով՝ «ծայրայեղականներ ամէն տեղ կան, դուք մեզ այդ ծայրայեղականներուն շարքին մի դասէք, մէկ արարքով թրքական պետութիւնը, պաշտօնական Թուրքիան մի դատէք, բայց մանաւանդ Ցեղասպանութիւն բառը մեր երեսին մի նետէք…»։
Այս տրամաբանութեամբ, կրնայ բնական նկատուիլ այն մեկնաբանութիւնը, որ Թուրքիոյ պետութիւնը պէտք չէ մեղադրել ծայրայեղական անհատի մը արարքին համար, որուն ետին կրնայ կանգնած ըլլալ հոսանք մը, խմբաւորում մը, անգամ զինուորականներ, որոնց հաշիւին չի համապատասխաներ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը։ «Թուրքիոյ պետութիւնը իր ոտքին կրակած պիտի ըլլար, եթէ ինք կանգնած ըլլար այս արարքին ետին», պիտի ըսէր այսպէս տրամաբանողը։
Սակայն թրքական, ներառեալ պետական մարդոց մտածողութեան քիչ թէ շատ ծանօթ մարդը իրաւունք ունի տարբեր ձեւով մտածելու, որովհետեւ նոյնինքն վերջին տասնամեակներու պատմութիւնը բազմաթիւ վկայութիւններ արձանագրած է, որ Թուրքիոյ պետութիւնը ամէնէն անտրամաբանական քայլերուն ու արարքներուն կրնայ դիմել, իր իսկ ոտքին կրակելու համազօր գործ տեսնել, երբ նեղ կացութեան կը մատնուի )կատարենք յարակից մէկ յիշեցում միայն. նախկին վարչապետ մը՝ Պիւլէնթ Էճեւիտ, քանի մը տարի առաջ Ֆրանսան «պատժեց»՝ որոշելով ֆրանսական իր ինքնաշարժը ուրիշով մը փոխարինել, երբ Ֆրանսա Ցեղասպանութիւնը հաստատող յայտարարութիւն մը կատարեց։ Նման թրքապատումներու մասին՝ նաեւ քիչ անդին(։
Նման ճիգեր ի զուր են ու կրնան շեղել ուշադրւթիւնը միայն անոնց, որոնց ուղեղին յիշողութեան բաժինը «փայլուն» է, այսինքն այնպիսիներ, որոնք բացարձակապէս զուրկ են յիշողութիւն կոչուած կալուածէն։ Կաթիլ մը յիշողութիւն ունեցողները շուտով պիտի մտաբերեն, թէ նոյնինքն Տինք եւ անոր նման յանդուգն մարդիկ, անոնք ըլլան հայ, թուրք կամ ոեւէ այլ ազգի զաւակ, Թուրքիոյ պետական մարդոց, դատարաններուն ու մամուլին կողմէ սաստիկ ու յարաճուն հալածանքի ենթարկուած են ու կ՚ենթարկուին, Թուրքիա քօղարկուած ու բացայայտ սպառալիքներ ուղղած է մինչեւ անգամ այն պետութիւններուն, որոնք հայութեան անառարկելի իրաւունքներուն ի նպաստ կը քուէարկեն։ Սպանեալ հայ խմբագիրին դէմ թրքական ատեանի մը կողմէ առկախեալ վճիռը նմանապէս չէ մոռցուած, ոչ ալ անոր ուղղուած այն սպառնալիքները, որոնց համար իբրեւ մեկնակէտ ու հիմ գործածուեցան յերիւրածոյ մեղադրանքներ։
Իսկ եթէ մարդոց յիշողութիւնը բնականոն է )շատ սուր յիշողութիւն պէտք չէ նման բաներ յիշելու համար(, դժուար չէ մտաբերել, որ Թուրքիոյ պետական մարդիկը, յատկապէս հայկական պահանջատիրութեան արձանագրած յառաջխաղացքներէն ետք, միշտ ալ սպառնալիքներով ու պատմութիւնը խեղաթիւրելու փորձերով հանդէս եկած են։ Ո՞վ մոռցած է (եթէ նման բաներ կարելի է մոռնալ), որ Թուրքիոյ հանճարե՜ղ վարչապետներէն եւ դէպի Եւրոպա Թուրքիոյ ճամբան հարթողներէն՝ Թիւրկիւթ Օզալ, նաեւ բանակի հզօր մադոցմէն՝ նախագահութեան դիրքին հասած Քենան Էվրէնէն աւելի քան տասնամեակ մը առաջ մեզի՝ հայերուս դէմ ցեղասպանական արարքներու կրկնութեան սպառնալիքներ ուղղեցին եւ մեզ զգուշացուցին մեր պահանջատիրութիւնը շարունակելու ընթացքէն։
ՈՃԻՐԻՆ ԱՌԱՉՆՈՐԴՈՂ ՄԹՆՈԼՈՐՏԸ
Աւելի՛ն, Թուրքիոյ պետութեան ուղղակի մեղսակցութիւնը (հետեւաբար՝ այս դէպքին պետական նորագոյն ոճիրի մը հանգամանքը) կը հաստատուի շարք մը պարզ իրողութիւններով։ Արդարեւ, ի՞նչ կը սպասուի, երբ պետութիւն մը՝
Ա.- Պատմական իրողութեան մը դրժումն ու խեղաթիւրումը կը վերածէ հիմնական քաղաքականութեան,
Բ.- Իր քաղաքացիներուն ոգի ի բռին կը քարոզէ այն սուտը, թէ հայերու դէմ եղածը ցեղասպանութիւն չէր, այլ ընդհակառակն, հայերն էին յանցաւոր կողմը,
Գ.- Դասագիրքեր կը պատրաստուին վերոյիշեալ տրամաբանութեամբ ու նոր սերունդները անտեղեակ կը պահուին պատմական յանցապարտ իրականութիւններէն, ընդհակառակն, անոնք կը տոգորուին հայութեան դէմ ամէն տեսակի վատ տրամադրութիւններով,
Դ.- Պետական բոլոր մեքենաները՝ գործադիր, օրէնսդիր ու դատական իշխանութիւնները կը գործեն Ցեղասպանութեան ուրացման տրամաբանութեամբ ու զայն կը վերածեն սեփական ժողովուրդի մտածողութեան-հոգեբանութեան առանցքը, )շարուանկե՞նք թւումը(:
Այս բոլորէն ետք, զարմանալի՞ է, որ օր մըն ալ «ծայրայեղական» մը ելլէ ու Ցեղասպանութիւնը յիշեցնող ու հայութեան արդար պահանջներուն հետամուտ անձնաւորութիւն մը սպաննէ պոռալով՝ «անհաւատ մը սպաննեցի»…
Եւ թող Թուրքիոյ պետութիւնը փորձէ համոզել աշխարհն ու Եւրոպան, իր մօտակայ ու հեռաւոր դրացիները, թէ Աթաթուրքի Թուրքիան պէտք է կշռադատել արդի չափանիշներով, քաղաքակիրթի պատմուճանով ու ժողովրդավարութեան, ազատութիւններու եւ նման ազնիւ հասկացութիւններու, սկզբունքներու տեսակարար կշիռներով։ Թող Էրտողաններ փորձեն չքմեղանալ՝ յայտարարելով, որ Տինքի դէմ արձակուած փափմուշտը ուղղուած է Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան ու խօսքի ազատութեան դէմ, մինչդեռ Թուրքիոյ այսօրուան, երէկի եւ մինչեւ համիտեան արիւնալի օրերը երկարող պատմութիւնը հարուստ է հակահայ քաղաքականութեան հետեւողական կիրարկումներով։
ՈՂՉ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՆԱՀԱՏԱԿԸ
Հրանդ Տինքը նորագոյն զոհն է Թուրքիոյ պետութեան վաղեմի քաղաքականութեան. ան միայն հայ մամուլի զոհը չէ, ոչ ալ միայն Պոլսոյ կամ թրքահայութեան զոհը )վստահաբար ոչ ոք մոռցած է, թէ Ցեղասպանութեան ծրագիրին առաջին կիրարկումը սկսաւ նոյնինքն Պոլիսէն՝ հայ մատաւորականութեան ու աւագանիին ձերբակալութեամբ, աքսորով ու անճիտումով(։ Ան հայութեան, ողջ հայութեան աչքին կը ներկայանայ իբրեւ նորագոյն նահատակ, Հայ Դատին, հայուն պահանջատիրութեան ճամբուն վրայ ինկող նորագոյն զոհ։ Ափսոս. ան զոհ գնաց թուրքին չփոխուող հոգեբանութեան, հակառակ իր անկեղծ հաւատքին, որ պատմական անլոյծ հարցերը կարելի է լուծումի առաջնորդել երկխօսութեամբ, արդի աշխարհի տրամաբանութեամբ, սխալներու սրբագրումի միջոցներու որոնումով. ինչպէս ոեւէ գործող-մտածողի պարագային, իր մտածումներուն եւ քայլերուն մասին ալ կարելի էր վիճարկում կատարել, մտածել, թէ անոնք բնական արդիւնքն էին զինք կազմաւորող պայմաններուն ու իր անմիջական շրջապատին։ Ան ի վերջոյ իր կեանքով ու արիւնով քուէարկեց ի նպաստ մեր իրաւունքներուն արդարացիութեան ու պատմական սխալներու սրբագրումի ընտրանքին։ Ահա թէ ինչո՛ւ ան դարձաւ ողջ հայութեան նահատակը, Թուրքիոյ պետութեան հակահայ քաղաքականութեան նորագոյն զոհը։
… Թուրքիոյ շաքարապատ թոյները կուլ տալու պատրաստակամութիւն ունեցող պետութիւնները եւ քաղաքական շրջանակները, անոնք ըլլան Եւրոպական միութեան անդամ թէ այլք, նման ոճիրներու ի տես, ոչ միայն պէտք է երկու անգամ մտածեն Թուրքիոյ անդամակցութեան դիմումը քննելու մասին, այլ յստակօրէն ու միանգամընդմիշտ որոշեն, թէ իր ներկայ քօղարկեալ կամ բացայայտ դիմագիծով, Թուրքիա չի կրնար անդամակցիլ քաղաքակիրթ որեւէ խմբակցութեան։
ՊԱՅՔԱՐԻ ՈՒՂԻՆ ՈՌՈԳՈՂ ԱՐԻՒՆ
Թուրքիոյ հետեւողական ուրացումներուն շահադիտութեամբ մօտեցողները ահաւասիկ աղաղակող կերպով կը հրաւիրուին միանգամընդմիշտ կողմնորոշուելու արդարութեան ի նպաստ, ըսելու անոր, որ ոճիրներու ուրացումը, պատմական անբաղձալի իրականութեանց խեղաթիւրումները լուծումներու նպաստող ընթացքներ չեն։ Թուրքիոյ առաջարկած լուծումները չեն անցնիր Հրանդ Տինքի նման պայքարողներու սպանութեան ճամբէն. այլ ան հարկադրուած է, պէտք է հարկադրուած զգայ ընդունելու երէկի ու այսօրուան ոճիրներուն մէջ իր ամբողջական պատասխանատուութիւնը, նաեւ՝ մտնելու հայութեան նիւթական ու բարոյական բոլոր պահանջներուն ընթացք տալու ուղին։ Նման հարկադրանք Թուրքիոյ դիմաց պէտք է դնեն մանաւանդ անոր բարեկամներն ու դաշնակիցները։
Հրանդ Տինքի արիւնը ի զուր չթափեցաւ. ան իր զոհաբերութեամբ իսկ կնքեց քաջ պայքարողի իր կեանքը, որուն նմանները ոռոգած են մեր դարաւոր պայքարի ուղին ու մեզ քայլ առ քայլ կը մօտեցնեն մեր անժամանցելի իրաւունքներուն կենսագործման։
Որովհետեւ՝
Ցեղասպանութեան ճանաչումը միայն սկիզբն է դարաւոր տագնապին լուծման։ Հատուցումներու թղթածրարին բացումը պէտք է յաջորդէ ճանաչման քայլին։
19 Յունուար, 2007