ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ փոխվարչապետ Մէհմէտ Ալի Շահին Հինգշաբթի, Յունուար 11ին յայտնեց, որ փոքրամասնական բոլոր այն կալուածները, որոնք ապօրէն կերպով փոխանցուած են պետական գանձին, կամ երրորդ անձերու, պէտք է վերադարձուին իրենց բուն տէրերուն։ Երբ հարց տրուեցաւ, թէ փոքրամասնական վաքըֆներու պատկանող ապրանքներու թիւը քանի՞ է, Շահին պատասխանեց, որ այդ մասին յստակ պատասխան մը պիտի չկարենայ տալ, միայն այնպէս կ՚ենթադրուի, որ այդ թիւը մօտաւորապէս 300 է։ Շահին ըսաւ, որ կալուածները վերադարձնելու փոխարէն, կարելի է ատոնց համարժէք նիւթական հատուցում վճարել։
Իր կարգին, փաստաբան Քէզպան Հաթէմի, որ կը զբաղի փոքրամասնական վաքըֆներու հարցով, յայտնեց, որ վաքըֆներու օրինագիծին մէջ պէտք է շուտով բարեփոխումներ կատարել եւ այն կալուածները, որոնք փոխանցուած են երրորդ անձերուն, պէտք է վերադարձուին իրենց տէրերուն։ Հաթէմի ըսաւ. «Պէտք է փոխել տիրող մտայնութիւնը։ Այս մարդիկը Թուրքիոյ մէջ ծնած, Թուրքիոյ քաղաքացի անձեր են։ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին մէջ, ապօրէն կարգադրութիւններու մասին ուրիշ դատեր ալ բացուած են։ Այդ դատերը իրերայաջորդ կերպով արդիւնքի պիտի հասնին», ազդարարեց ան, ակնարկելով յունական վարժարանի մը պատկանող երկու կալուածներ վերադարձնելու ատեանի որոշումին:
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան տուեալներուն համաձայն, փոքրամասնական վաքըֆները ունին 2396 անշարժ, 1948 եկամտաբեր եւ նուիրատուութիւններով ստացուած 451 կալուածներ։ Անոնք ունին նաեւ 260 աղօթատեղիներ։
Միւս կողմէ, յունական վարժարանի փաստաբանը՝ Կիւլթէն Ալթան կը յայտնէ, թէ Բանուորական կուսակցութիւնը կը մերժէ վերադարձնել վարժարանէն գրաւած շէնքը, հակառակ այս շաբթուան վճիռին, հարցականի տակ առնելով եւրոպական ատեանին իրաւասութիւնը: