ԱՆԳԱՐԱ, «Նոյեան Տապան».- «Թրքութիւնը նսեմացնելու» մեղադրանքով բազմաթիւ գրողներու եւ լրագրողներու, նոյնիսկ Եւրոմիութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկուն դէմ դատական հայցեր ներկայացնելու փորձէն ետք, թուրք ազգայնամոլներու թիրախը այս անգամ դարձած է Շուէտի Արքայական ակադեմիան, որ վերջերս թուրք գրող Օրհան Փամուքին շնորհած էր գրականութեան Նոպելեան մրցանակ:
Շուէտական ակադեմիան իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիպի նման իրաւական մարտահրաւէրի:
Թուրքիոյ Փաստաբաններու միութեան նախագահ Քեմալ Քերինչսիզ, որ յայտնի է ազգային հարցերուն մէջ իր ծայրայեղական մօտեցումներով, յայտարարած է, որ Նոպէլեան մրցանակներ շնորհելու հարցին մէջ ակադեմիայի չափանիշները «քաղաքական» են: «Թէ՛ Օրհան Փամուքը, թէ՛ անոր շահած մրցանակը անպատուաբեր են մեզի համար: Համոզուած եմ, որ մրցանակակիր որոշելու հարցին մէջ ակադեմիան ունի գրական եւ լեզուական որոշ չափանիշներ. հոն հաշուի կ’առնուին նաեւ թեկնածուներու հմտութիւնները եւ ոչ թէ անոնց քաղաքական կենսագրականը», թրքական «NTV» հեռուստաալիքին կատարած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Քերինչսիզ: Հետեւաբար, ան որոշած է դատ բանալ Շուէտի Արքայական ակադեմիային դէմ:
Թուրք իրաւաբանը, որ ինքզինք կը սեպէ երկրի «թրքութեան» գլխաւոր պահապանը, յայտարարած է, որ Փամուք արժանացած է այդ մրցանակին ոչ թէ իր վաստակին, այլ «հայկական Սփիւռքի լոպպիստական ջանքերու» շնորհիւ: «Փամուքի գիրքերը կը համարուին վատագոյնը երրորդ դասի գիրքերու: Անոր յանձնուած մրցանակը ո՛չ թէ գրական, այլ քաղաքական մրցանակ էր», պնդած է ան: