ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ կառավարութիւնը վաւերացուցած է օրինագիծ մը, որուն համաձայն Ատրպէյճանի, Մոնկոլիոյ, Իւզպէկիստանի, Տաճիկիստանի եւ Թիւրքմէնիստանի քաղաքացիները այսուհետեւ Թուրքիա մուտք գործելու այցագիրի պէտք պիտի չունենան:
Մինչ այդ, առանց այցագրի Թուրքիա այցելելու իրաւունքէն օգտուած են Ղազախստանի եւ Քիրկիզիստանի քաղաքացիները։
Թրքական քաղաքական շրջանակները կը նշեն, որ այս օրինագիծը պիտի նպաստէ Թուրքիոյ եւ թրքախօս երկիրներուն միջեւ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կապերու զարգացման։