Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան վերջին ընտրութիւններուն Դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ օրէնսդիր իշխանութեան ղեկն ու Քոնկրէսի մեծամասնութիւնը գրաւելու քայլը՝ Անգարայի համար խոր մտահոգութիւն առթելու լուրջ դրդապատճառներ ունի: Արդարեւ, Քոնկրէսի նորընտիր խօսնակ, դեմոկրատներու ղեկավար Նէնսի Փելոսի ծանօթ է Հայկական Ցեղասպանութեան գծով իր հայանպաստ դիրքորոշումներով:
Այս է պատճառը, որ այս տարուան առաջին օրերէն իսկ, թրքական կողմը քարոզչական այլեւայլ միջոցներով քաղաքական «վայնասուն» բարձրացուցած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսէն ներս Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանական քայլի մը առնչութեամբ: Աւելի՛ն, պետական մակարդակի վրայ, արդէն իսկ գործի լծուած են Ուաշինկթընի մէջ թրքական դեսպանատունն ու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որոնք ԱՄՆ պետական բաժանմունքին եւ քաղաքական այլ շրջանակներու հետ յատուկ հանդիպումներով կը ջանան Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը արգելակող միջոցներ որոնել:
Թրքական պետական քաղաքականութեան մէջ այսօր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը կ’ընկալուի որպէս առաջնահերթ հիմնահարց եւ այդ ուղղութեամբ, կառավարութիւնը իր բոլոր լծակները ի գործ դրած է նորանոր մարտավարական գործելաձեւերով զայն չէզոքացնելու, կամ առնուազն անոր միջազգային ճանաչումը որոշ ժամանակով առկախելու եւ ժամանակ շահելու:
Թրքական ուրացման մարտավարութեան ցայտուն օրինակն է հարցը «պատմաբաններու եւ ակադեմականներու» յանձնելու ջանադրութիւնը, որ կը միտի Հայկական Ցեղասպանութիւնը քաղաքական իր պարունակէն դուրս հանել եւ զայն պատմաբանական «վիճելի» հարցի մը վերածել: Իսկ նոյն բովէն ներս վերջին զգայացունց նորութիւնը՝ հարցը միջազգային դատական ատեաններու յանձնելու թրքական նախաձեռնութիւնն է, որ կը նպատակադրէ հանրութեան կարծիքը շեղել եւ զայն թիւրըմբռնումի կացութեան առջեւ բերել:
Թրքական կողմին քաղաքական եւ քարոզչական յենասիւն իբր նեցուկ կը կանգնի Պաքուն, որուն աշխարհի տարածքին սփռուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները, թրքական դեսպանատուներու պաշտօնատարներուն հետ կը համակարգեն հակաքարոզչական արշաւը: Այս ուղղութեամբ, միջազգային հանրային կարծիքը պղտորելու յստակ տրամադրութեամբ յառաջ կը քշուի «Խոջալուի ջարդ»ի քարոզչութիւնը, ուր ցեղասպանութեան զոհ հայերը կը ներկայացուին իբրեւ ջարդարար:
Այս բոլոր զարգացումներուն զուգընթաց, ուշագրաւ է այս անգամ եւս ամերիկեան հրէական լոպպիի գօրծօն առնչութիւնը ընդհանուր հարցին գծով։ Ինչպէս անցեալին, այս անգամ եւս, իսրայէլեան լոպպին իր նեցուկն ու զօրակցութիւնը յայտնելով Անգարային, յատկապէս կը զգուշացնէ թրքական պետական շրջանակները Հայկական Ցեղասպանութեան գծով ԱՄՆ Քոնկրէսէն ներս մօտալուտ յաջողութեան գծով։
Այս բոլորը ի մի բերելով, ակնյայտ է, որ Ուաշինկթընի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան հիմնահարցը իր թէժ կէտին հասած է, ուր տեղւոյն հայ գաղութն ու կազմակերպութիւնները, իրենց բոլոր ճիգերը ի մի բերելով պէտք է համընդհանուր քարոզարշաւի դիմեն:
Ամերիկահայութեան համար, հայ ժողովուրդի հանդէպ գործադրուած պատմական անիրաւութիւնը ընդունելու քայլը Ուաշինկթընի վրայ պարտադրելու առնչութեամբ, այսօր յայտնուած է լաւագոյն պահը, որուն բացայայտ փաստն է՝ օրըստօրէ ծաւալող թրքական խուճապը…