ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլ շահագրգռուած է միանալու Ատրպէյճան-Վրաստան-Թուրքիա խողովակաշարային միջանցքին՝ իբրեւ սպառող եւ ուժանիւթի հետագայ տարանցումի կէտ, յայտարարեց Իսրայէլի ազգային ենթակառոյցի նախարար Պենիամին պըն Էլիազար: Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց Հայֆայի մէջ տեղի ունեցած ուժանիւթի վերաբերող խորհրդաժողովի մը ընթացքին:
Ըստ նախարարին, Իսրայէլ ոչ միայն պատրաստ է ուժանիւթի մեծ գնումներու, այլեւ Կասպից ծովու քարիւղը Ասիոյ շուկային հասցնելու կամուրջը հադիսանալու:
«Իսրայէլ կրնայ հանդիսանալ իբրեւ կամուրջ՝ քարիւղը Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ Ճափոնի շուկաներ փոխադրելու համար: Ասիկա թոյլ կու տայ խուսափելու այն մեծ ծախսերէն, որոնք կապուած են Ափրիկէէն քարիւղի փոխադրութեան հետ», ըսաւ Էլիազար:
Իր խօսքին մէջ Էլիազար ոչ մէկ անգամ նշում կատարեց Ռուսիոյ հետ ուժանիւթի մարզին մէջ գործակցելու հեռանկարներուն մասին, անտեսելով նոյնիսկ Թուրքիոյ տարածքէն եւ Միջերկրական ծովուն միջոցաւ ռուսական կազի փոխադրութեան նախագիծը: