ՏՈՒՊԱՅ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Շաբաթէն Կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին դէմ դրած է անօդաչու թռչող սարքերով կեդրոնական Իրանի Իսֆահան քաղաքին մէջ ռազմական իր կեդրոններէն մէկուն վրայ յարձակումի մը:
Ըստ նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան՝ ձախողած յարձակումը կատարուած է անօդաչու թռչող երեք սարքերով, իսկ անոր թիրախն էր պաշտպանութեան նախարարութեան պատկանող զինուորական ճարտարարուեստի համալիրներէն մէկը:
Անօդաչու թռչող սարքերէն երկուքը վար առնուած են, իսկ երրոդը ինկած է կեդրոնին վրայ. միայն նիւթական վնասներ պատճառելով:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտնեց, որ «Իսֆահանի մէջ տեղի ունեցածը Իրանի թշնամիներուն կողմէ երկրին կայունութիւնը քայքայելու փորձերու ծիրին մէջ է։ Պաշտպանական ուժերը ձախողութեան մատնեցին այս փորձը: Թշնամիներու այս փորձերը չեն կրնար տկարացնել հիւլէական իր խաղաղ ծրագիրը յառաջ մղելու՝ Իրանի կամքը»։
Իր ինքնութիւնը բացայայտել չուզող ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնեց, թէ յարձակումը շատ հաւանաբար իրականացուած է Իսրայէլի կողմէ։