ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4ին, Իրանի «Իրնա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ երկրին արտաքին գործոց նախարարութիւնը առաջին հակադարձութիւնը ցոյց տուած է այն ամբաստանութեանց, թէ իրանեան ուժերը հիւսիսային Իրաքը կը ռմբակոծեն:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անհիմն համարած է այս ամբաստանութիւնը, սակայն խոստացած է լրջօրէն քննել այդ գծով ներկայացուելիք որեւէ փաստ:
Իրաքի իշխանութիւնները սպառնացած են, թէ նման քայլեր կրնան վնաս հասցնել երկկողմանի յարաբերութեանց:
Պաղտատի համաձայն, իրանեան ուժերը կը ռմբակոծեն Իրանի քրտական շրջաններուն մէջ ինքնավարութիւն հաստատելու համար պայքարող կազմակերպութեան մը դիրքերը: