ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2ին սկսած տասնօրեայ ռազմափորձերու ընթացքին, Իրանի զինուորական ուժերը առաջին անգամ ըլլալով հեռահար «Շեհապ 3» հրթիռ մը արձակեցին: «Շեհապ 3»ը աւելի քան երկու հազար քիլոմեթր հեռու գտնուող թիրախներ հարուածելու կարողութիւնը ունի: Հրթիռը կարելի է օժտել ամէն տեսակի, ներառեալ՝ հիւլէական ռումբ կրող գլուխով:
Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը Չորեքշաբթի օր հաղորդեց Յեղափոխութեան պահակներու հրամանատար զօր. Եահիա Ռահիմ Սաֆաուիի այն յայտարարութիւնը, թէ «Մեծ Մարգարէ» կոչուած գործողութեան ծիրին մէջ տասը օր տեւող ռազմափորձեր պիտի կատարուին Ծոցի եւ Օմանի ծովուն մէջ:
«Այս ռազմափորձերուն նպատակն է ապացուցել եւ ցուցադրել հաւանական սպառնալիքներու դէմ մեր տարհամոզիչ ուժը», ըսաւ Սաֆաուի:
Ան միւս կողմէ ընդգծեց, որ ռազմափորձերը դրացի երկիրներուն ուղղուած սպառնալիքներ չեն:
Յատկանշական է, որ այս յայտարարութենէն երկու օր առաջ աւարտած էին Ծոցի մէջ ամերիկեան մարտանաւերու գլխաւորութեամբ շրջանի վեց երկիրներու ծովուժերու ռազմափորձերը: Իրան այս փորձերը «արկածախնդրական» որակած էր: Ռազմափորձերուն մասնակցած էին նաեւ Աւստրալիա, Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Իտալիա:
Նկարին մէջ, Հինգշաբթի օր սկսած ռազմափորձերէն տեսարան մը: