ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ դարձեալ խիստ քննադատութիւններ ուղղեց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին՝ դատապարտելով այդ մարմինին մէջ Իրանի հիւլէական ծրագիրին պատճառով պատժամիջոցներ պարտադրելու համար առնուող քայլերը։
«Ամէնէն ամօթալին այն է, որ ազգերու ապահովութեան ու իրաւունքներու պաշտպանը ըլլալու կոչուած ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը սպառնալիքներ կ՚ուղղէ այնպիսի երկիրներու, որոնք միջազգային օրէնքի ճշդած սահմաններուն մէջ մնալով՝ կը փորձեն խաղաղ նպատակներով հիւլէական ուժանիւթ ունենալ», ըսաւ ան։
Իրանի նախագահը դատապարտեց ՄԱԿի որդեգրած «երկու չափ-երկու կշիռ»ի դրութիւնը՝ նկատել տալով, որ «հիւլէական զէնք ունեցող պետութիւններ կ՚ուրանան հիւլէական ուժանիւթ արտադրելու եւ զայն խաղաղ նպատակներու համար գործադրելու այլ պետութեանց իրաւունքը»:
Միւս կողմէ, Իրանի հիւլէական թղթածրարի հարցերու աւագ բանագնաց Ալի Լարիճանի Շաբաթ օր Մոսկուայի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Այս առիթով, Մոսկուա վերահաստատեց Իրանի հիւլէական ծրագիրին առնչութեամբ տարակարծութիւնները բանակցութիւններով լուծելու իր պահանջը։ Ռուսիա, Չինաստանի պէս, յոռեգոյն պարագային պատժամիջոցներու դիմելու ընտրանքը «սկզբունքով» ընդունելով հանդերձ՝ կը պահանջէ առաւելագոյն առիթը տալ դիւանագիտական երկխօսութեան ընտրանքին։
Նաեւ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հաւաստիացուց, որ իրանեան բանակի Յեղափոխութեան պահակները անմիջապէս եւ ուժգնօրէն պիտի հակադարձեն որեւէ իսրայէլեան յարձակումի։
«Եթէ սիոնական վարչակարգը այդպիսի անխելքութիւն գործէ, ապա իրանցի զինուորականներուն պատասխանը պիտի ըլլայ արագ, ուժեղ եւ ջախջախիչ։ Իրանի հակահարուածը երկվայրկեանէ մը աւելի պիտի չուշանայ», ըսաւ բանբերը:
Իսրայէլի պաշտպանութեան փոխնախարար Իֆրայիմ Սնէյ Շաբաթ օր սպառնացած էր կանխարգիլող զինուորական հարուած մը տալ Իրանի հիւլէական ծրագիրին։ Միջազգային լրատուական հաղորդումները յիշեցուցած էին Իրաքի հիւլէական ծրագիրին 1981ին տրուած իսրայէլեան հարուածը, որ վերջ դրած էր այդ աշխատանքներուն։
Իրանցի պաշտօնատարը անհաւանական նկատեց, որ Իսրայէլ այդպիսի փորձ մը կատարէ՝ համոզում յայտնելով, որ իսրայէլեան յոխորտանքին դրդապատճառները պէտք է որոնել Իսրայէլի կառավարութեան քաղաքական անապահովութեան մէջ։
«Իրանի սպառնալու համար շատ փոքր են սիոնական վարչակարգին կարողութիւնները, իսկ անոր կարողութիւնը նման բան չի թոյլատրեր», նկատել տուաւ Հիւսէյնի։