ՃԱՔԱՐԹԱ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Յուլիս 29ին, Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի ազգային խումբերու Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը, արաբական երկու խումբերու՝ Իրաքի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ:
Իրաքի խմբապետ Եունէս Մահմուտի նշանակած կօլին շնորհիւ (71րդ) Իրաք յաջողեցաւ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով բարձրացնել այս բաժակը, տօնակատարութեանց պատճառ դառնալով Իրաքի տարածքին, ուր խումբին յաղթանակը տօնող իրաքցիներու արձակած փամփուշտները առնուազն չորս զոհ խլեցին:
Յայտնենք, թէ Սէուտական Արաբիա կը փորձէր հանդիսանալ առաջին կազմը, որ բաժակը կը բարձրացնէր չորրորդ անգամ ըլլալով:
Նկարին մէջ, Իրաքի յաղթական կազմը: