ՊԱՔՈՒ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Երեքշաբթի օր, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, թէ որոշած է արշաւ մը շղթայազերծել, հակազդելու համար հայկական Սփիւռքի ազդեցութեան գօտիին:
Ալիեւ ըսաւ, թէ Ատրպէյճան որոշած է դեսպանատուներ եւ հիւպատոսարաններ բանալ բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր հայկական համայնք գոյութիւն ունի:
«Գաղտնիք չէ, որ Քալիֆորնիան այնպիսի նահանգ մըն է, ուր մեծ թիւով հայ բնակչութիւն կայ: Մենք հիւպատոսարան բացինք (Լոս Անճելըսի մէջ), որպէսզի հոն ներկայ ըլլանք ու պայքարինք հայկական լոպպիին դէմ», ըսաւ Ալիեւ արաբական «Ճազիրա» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, որուն բնագիրը լոյս ընծայուեցաւ ատրպեճանական Azertaj գործակալութեան կողմէ:
Ալիեւ ըսաւ նաեւ, թէ որոշուած է դեսպանատուն բանալ Արժանթինի մէջ, ուր հայկական լոպպին «ամենաուժեղն է Լատին Ամերիկայի մէջ… Մէկը կրնայ հարց տալ, թէ ինչո՞ւ դեսպանատուն բանալ երկրի մը մէջ, որուն հետ լուրջ կապեր չունինք, սակայն հոն դեսպանատուն կը բանանք, որպէսզի պայքարինք հայկական լոպպիին դէմ անո՛ր իսկ դաշտին վրայ»:
Ազերի նախագահը ըսաւ նաեւ, թէ իր երկրի քարիւղի եկամուտները պատեհութիւնը կը ստեղծեն հակակշռելու հայերու ազդեցութիւնը արտասահմանի մէջ: «Ի՞նչ կայ այդքան գրաւիչ Հայաստանի պարագային, միայն այն փաստը, որ հարուստ Սփիւռք ունի, որ ազդեցութիւն կը բանեցնէ զանազան երկիրներու քաղաքականութեանց վրայ… Ատրպէյճան այնպիսի երկիր մըն է, որ Եւրոպային եւ համաշխարհային շուկաներուն ուժանիւթ պիտի հայթայթէ: Երեւակայեցէք նժարին մէկ կողմը Ատրպէյճանը, իսկ միւս կողմը՝ Հայաստանը», ըսաւ Ալիեւ: