ՖՈՐԹ ՈՒԸՐԹ, Թեքսաս, «Էյ.Փի.».- Ամերիկեան «Լաքհիտ Մարթին» կրցած է ապահովել Թուրքիոյ «Էֆ. 16» ռազմական օդանաւերը արդիականացնելու համաձայնագիրը, որ 635 միլիոն տոլար պիտի արժէ:
Ընկերութիւնը կ’ակնկալէ 216 օդանաւերը արդիականացնել մինչեւ 2016: Արդիականացման ծրագրին մեծ մասը պիտի իրագործուի «Լաքհիտ Մարթին» ընկերութեան Թեքսասի եւ Անգարայի մէջ գտնուող գործարաններուն մէջ: