ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կիրակի, Յունիս 7ին կայանալիք Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութեան նախօրեակին, Հինգշաբթի, Յունիս 4ի գիշերը, «ծով բազմութիւն» դարձուածքը իրականութիւն դարձաւ «Զաւարեան» մարզադաշտին մէջ, ուր համախմբուած էին շուրջ տասնեակ հազարաւոր հայորդիներ՝ Լիբանանէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներէն։ Անոնք եկած էին իրենց վստահութիւնը արտայայտելու հանդէպ այն կուսակցութեան, որ ո՛չ մէկ օր զիրենք յուսախաբ ըրած էր. անոնք եկած էին լսելու պատգամը ղեկավարներուն այն կուսակցութեան, որ լաւ ու վատ օրերուն ծառան եղած էր ժողովուրդին: Անոնք եկած էին հաստատելու, թէ Դաշնակցութեան հետ պիտի վերականգնեն Հայկական երեսփոխանական պլոքը։
Դաշտը նեղ կու գար Դաշնակցութեան հրաւէրին անսացած հայորդիներուն, սակայն անոնց սրտերը լայնօրէն բաց էին երեսփոխանական ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած իւրաքանչիւր թեկնածուի նկատմամբ, որոնք խորհրդարան պիտի հասնէին ա՛յդ ժողովուրդին քուէով՝ ծառայելու ա՛յդ ժողովուրդին։
Արդարեւ, 16 կեդրոնատեղիներու մէջ զետեղուած փոխադրակառքերով լիբանանահայերը Լիբանանի տարբեր շրջաններէն՝ Այնճարէն մինչեւ Թրիփոլի, կանուխ ժամերէն համախմբուած էին ակումբներուն ու ճշդուած վայրերուն առջեւ՝ մեկնելու համար ժողովրդային հաւաքին վայրը։
Ժողովրդային մեծաթիւ հանդիսութեան ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, Հայկական երեսփոխանական պլոքի թեկնածուները, Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի եւ Մեթնի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի թեկնածուները, Զահլէի Ժողովրդային պլոք ցանկի թեկնածուները, լիբանանահայ պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, արհեստաւորներ, ուսուցիչներ, լիբանանեան մամուլի ներկայացուցիչներ։
Բացման խօսքէն ետք արաբերէնով խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, որ նշեց, թէ վերջին ինը տարիներուն ընտրուեցան երեսփոխաններ, որոնք առաւելագոյն պարագային կրցած էին ապահովել հայկական քուէներուն միայն 15 առ հարիւրը։ Ան շեշտեց, որ անցնող տարիներուն լիբանանահայութենէն խլուեցան երեսփոխանական աթոռները, համայնքը հեռացուեցաւ կառավարութենէն, բայց այնուամենայնիւ, համայնքը մնաց բոլոր ընտրութիւններուն հիմնական քաղաքական առանցքը։ Մխիթարեան յայտնեց, որ Դաշնակցութեան սկզբունքները ընտրութիւններուն նախօրեակին փոփոխութեան չենթարկուեցան, եւ կուսակցութիւնը իր բոլոր ջանքերը ի գործ դրաւ երկխօսութիւն կայացնելու համար Ռամկավար եւ Հնչակեան կուսակցութիւններուն հետ՝ վերականգնելու համար Հայկական երեսփոխանական պլոքը։ Ան աւելցուց, որ այս առաջարկը մերժուեցաւ ա՛յն պատճառաբանութեամբ, թէ քաղաքական մնացեալ ուժերը իրենց դաշնակիցներուն հետ ունին այնպիսի յանձնառութիւններ, որոնցմէ չեն կրնար հրաժարիլ։
Ապա, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար զօր. Միշէլ Աունի խօսքը փոխանցեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի Մեթնի ընտրացանկէն Ղասսան Մուխայպեր:
Հանդիսութեան ընթացքին հայերէնով ներկաներուն բարի գալուստի եւ ողջոյնի խօսք ըսաւ Արմէն Ապտալեան, իսկ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, յառաջիկայ խորհրդարանի առաջին ընտրուած երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ջերմօրէն ողջունեց Սփիւռքի մանրակերտը կազմող հայորդիներուն ներկայութիւնը՝ հաստատելով, թէ այդ ժողովուրդին շնորհիւ կարելի է յաղթանակներ կերտել եւ 7 Յունիսին նո՛յն այդ ժողովուրդին քուէով կարելի պիտի ըլլայ 5 հայ թեկնածուները իբրեւ երեսփոխան խորհրդարան հասցնել։
Ան առանձին-առանձին յիշեց այն բոլոր երկիրները, ուրկէ լիբանանեան երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունեցող հայեր եկած են Լիբանան, «որպէսզի փաստեն, թէ լիբանանահայութիւնը առանձին չէ, այլ անոր շուրջ համախմբուած են իր հայրենակիցները, որովհետեւ անոր ամրութեամբ նաեւ կ՛ամրանայ Սփիւռքն ու Հայաստանը»։ Ըստ երեսփոխանին, ընտրութիւններուն պիտի կերտուի Լիբանանի հայութեան ներկան ու ապագան, եւ պիտի ճշդուի անոր ճակատագիրը։
Իր խօսքի աւարտին, ան կոչ ուղղեց ժողովուրդին միշտ ըլլալու Դաշնակցութեան հայրը, գուրգուրալու անոր, որովհետեւ կուսակցութիւնն ալ պատրաստ է ամէն տեսակի զոհողութեան եւ ծառայութեան:
Ապա ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Մեթնի ընտրաշրջանի թեկնածու, արուեստագէտ Ղասսան Ռահպանի:
Ընտրական պատգամներէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր՝ մասնակցութեամբ հայրենի աստղ Թաթա Սիմոնեանի եւ իր նուագախումբին, ինչպէս նաեւ Յովսէփին ու «Կոմիտաս» նուագախումբին: