ՊԷՅՐՈՒԹ.- ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (ԼԵՄ) Կեդրոնական վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 25 Յուլիսի երեկոյեան, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 38ամեակի ոգեկոչումը:
Լիզպոնի հերոսներու դամբարանին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սոնիա Հաւաթեան, որ դիտել տուաւ, թէ աւանդութեան վերածուած ուխտին հաւատարիմ մնալով՝ «անգամ մը եւս հաւաքուած ենք վերանորոգելու համար մեր գաղափարական-յեղափոխական ուխտը եւ կատարելու մեր անցած ուղիի հաշուետուութիւնը»: Ըստ անոր, 38 տարի շարունակ պահանջատէր հայ երիտասարդութիւնը Լիզպոնի հերոսներուն սուրբ գործը շարունակելու եւ Հայ Դատի պայքարը ծաւալելու ու ընդարձակելու ուխտը կատարեց եւ իր կեանքը իմաստաւորեց` շարունակելով ծառայել ազգին, հայրենիքին եւ իր անժամանցելի դատին, ուր արձանագրուեցան կարեւոր արդիւնքներ եւ մեծ նուաճումներ, միւս կողմէ` Արցախ աշխարհը վերակերտեց իր հայկական ինքնութիւնը եւ դարձաւ անկախ ու ինքնիշխան, յանձնառու ու գաղափարական հայ երիտասարդութիւնը սփիւռքի տարածքին նաեւ շարունակեց պահանջատիրական պայքարի ջահը մի՛շտ բարձր պահել: Սոնիա Հաւաթեան ըսաւ, որ այս տարի տարբեր է պատկերն ու մթնորոլտը. «Այսօր կոտրած հոգիներով, հիասթափութեամբ եւ ներքին ուժեղ ու խոր անհանգստութեամբ հաւաքուած ենք դարձեալ, եւ դժուարութիւն ունինք մէկ բառ իսկ արտայայտելու: Ի՞նչ ըսենք, ափսոս ձեզի, տղա՛ք: Տղա՛ք, մենք պարտուեցանք, տղա՛ք, մենք ազգովին դարձեալ դաւաճանութեան զոհ դարձանք, տղա՛ք, օտարը մեզի դարձեալ կուլ տուաւ, մեր հողերը կորսնցուցինք եւ դեռ մաս առ մաս կը կորսնցնենք, տղա՛ք, ամբողջական Հայաստանի իտէալը մեզմէ խլելու փորձ կը կատարուի»:
Օրուան պատգամը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Դաւիթ Գազանճեան, որ ըսաւ, թէ Լիզպոնի գործողութիւնը իր ամբողջութեան մէջ պէտք է տեսնել` իբրեւ ուսումնասիրելի գործողութիւն, իր ժամանակաշրջանին, իր վայրին եւ իր իւրայատկութեան մէջ: Ան նշեց, թէ այս գործողութիւնը իր մէջ ունեցաւ 1890ականներէն ծնունդ առած հայ պահանջատիրական եւ ցուցական աքթերը, իր տեսակով նման էր Պանք Օթոմանի գրաւման, Խանասորի արշաւանքին, նման է նաեւ եւ անկասկած «Նեմեսիս» գործողութիւններու շարքին, արդարեւ, բոլոր պարագաներուն ալ առաւելագոյնը կատարուեցաւ խնայելու անմեղներուն, նաեւ 1920ականներուն ծնունդ առած, ծրագրուած եւ ի գործ դրուած հսկայական աշխատանքը շարունակուեցաւ Լիզպոնով, որ փաստեց համայն աշխարհին եւ ի մասնաւորի արիւնարբու թուրքին, թէ որքա՛ն ալ անցնին տարիներ, ազատամիտ, ազատատենչ, ազգասէր եւ պահանջատէր հայ երիտասարդները ամէն գնով պիտի մերժեն անարդարութիւնը եւ հետապնդեն իրենց իրաւունքները:
«Լիզպոնի տղաքը եկան այս բոլոր միտքերը գործի դնելու` համոզուած, որ միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն, որ միայն ու միայն պէտք է ապաւինիլ մեր բազուկներուն եւ չփնտռել ողորմութիւն կամ թէկուզ օժանդակութիւն այլոց մօտ: Եղան լռութեան շղթան կտրողները, շղթայ մը, որ մեր ազգը կապած էր դարեր շարունակ եւ կաշկանդած ազատ արտայայտուիլ: Եղան կարմիր գիծերը շրջանցողները, գիծեր, որոնք երբեմն մենք մեզի համար գծած էինք մեր վախին եւ տատամսումին պատճառով: Լիզպոնի ողջակէզները եղան այս բոլոր օրէնքները խախտողները եւ եկան փաստելու, որ այս անարդար աշխարհին մէջ միայն մէկ օրէնք կայ, այդ ալ ուժն է», դիտել տուաւ ան:
Բանախօսը յայտնեց, որ Լիզպոնի հինգ անձնազոհները եղան մղիչ ուժ եւ ներշնչարան յաջորդ սերունդներուն, որոնց մէջ եղան արցախեան պահանջատիրական աշխատանքներուն լծուածներ, տղոց երազը գործնապէս հետապնդողներ:
Ան նշեց, որ այսօր պարտին ներում հայցել Արայէն, Վաչէէն, Սագոյէն, Սիմոնէն եւ Սեդրակէն, Պետոյէն, Վարդանէն եւ Մերուժանէն: «Մեր ազգը չկրցաւ պահել իրենց երազը իրականութիւն դարձուցած, մեր նահատակ կամ պայքարը յաջողութեամբ աւարտած մեր ընկերներուն սուրբ գործը եւ անգամ մը եւս քանի մը քայլ նահանջելով` կորսնցուցինք Արցախ աշխարհի կարեւորագոյն բաժինները եւ աւելի՛ն` վտանգի տակ մնացին Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ սահմանները:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Վէրքերով լի» երգով: