ՆԱՀՐ ԷԼ ՊԱՐԷՏ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը Երեքշաբթի, Յուլիս 10ին հաղորդեց, թէ լիբանանցի զինուորները Երեքշաբթի օր հիւսիսային Լիբանանի Նահր էլ Պարէտ պաղեստինեան գաղթակայանին հին թաղամասերուն մէջ քանի մը շէնքեր եւս գրաւած են, շրջափակուած «Ֆաթհ իսլամ»ի զինեալներուն շուրջ օղակը աւելի եւս սեղմելով:
Երեքշաբթի օր ծանր բախումները շարունակուեցան գաղթակայանին մէջ, ուր կը կարծուի, թէ մօտաւորապէս 400 պաղեստինցի գաղթականներ բանտարկուած կը մնան:
Մայիս 20ին սկսած բախումներուն ընթացքին ցարդ սպաննուած են 85 զինուորներ եւ հարիւրաւոր զինեալներ:
Քաղաքական առումով ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուեցաւ բանակցութիւնները վերսկսելու կամ պաղեստինեան ապահովական միացեալ յանձնախումբ մը կազմելու առնչութեամբ։
Միւս կողմէ, լիբանանեան իշխանութիւնները հաղորդեցին, թէ կրցած են ճշդել 10 սէուտցիներու ինքնութիւնը, որոնք «Ֆաթհ իսլամ»ի զինեալներէն էին եւ սպաննուած էին գաղթակայանին մէջ բանակին դէմ արձանագրուած բախումներուն ընթացքին։
Նաեւ, Երեքշաբթի օր ՄԱԿի մարդասիրական աշխատանքներու պաշտօնատարներ յայտնեցին, թէ Սէուտական Արաբիոյ տրամադրած 12 միլիոն տոլար գումարը բաժնուած է Նահր էլ Պարէտ գաղթակայանէն հեռացած մօտաւորապէս 10,000 պաղեստինեան ընտանիքներու: