ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի Ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար եւ նախկին նախարար Թալալ Արսլան Երկուշաբթի, Յունուար 8ին յայտարարեց, թէ ընդդիմութիւնը որոշած է Երեքշաբթի օրուընէ սկսեալ սաստկացնել իր ցոյցերը, կոչ ընելով համայն լիբանանցիներուն, որ նստացոյցին մասնակցողներուն միանալով ապահովեն վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան հրաժարականը:
Ընդդիմադիր ուժերը անցնող շաբաթավերջին յայտարարած են, որ այս շաբթուան ընթացքին պիտի ձեռնարկեն իրենց մագլցողական քայլերուն, սակայն այդ քայլերուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւն չփոխանցուեցաւ։
Այս լուրը առաջին անգամ բացայայտեց ընդդիմադիր ուժերու երիտասարդական յանձնախումբի բանբերը, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար՝ երեսփոխան զօր. Միշէլ Աունի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք։ Յանձնախումբը շեշտեց, որ ընդդիմադիր ուժերուն պահանջը այժմ կը կեդրոնանայ խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ կայացնելու եւ ոչ թէ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան վրայ։
Իր կարգին, Արսլան շեշտեց, որ ոչ ոք թող մտահոգուի, որովհետեւ ընդդիմադիր ուժերը եւ անոնց համակիրները պիտի շարունակեն իրենց բաց նստացոյցը։
Արսլան ընդգծեց, որ Ռիատ Սոլհի եւ Նահատակաց հրապարակներուն վրայ կատարուող բողոքի ցոյցը պիտի շարունակուի, որովհետեւ ընդդիմադիր ուժերուն շունչը աւելի երկար է, քան իշխանութեանը։
Շեշտելով ընդդիմադիր ուժերուն մագլցողական քայլեր որդեգրելու կարեւորութիւնը, ան աւելցուց, որ ներկայ կառավարութեան ճակատագիրը «տուն վերադառնալն է»։
Արսլան յայտնեց, որ անցեալ շաբթուան կառավարութեան նիստը ապօրինի էր եւ հակասահմանադրական։ «Հետեւաբար, իր օրինականութիւնը կորսնցուցած կառավարութեան բոլոր որոշումները չեղեալ պէտք է նկատել։ Բայց եւ այնպէս կառավարութիւնը ժողով մը գումարեց եւ լիբանանցիներուն «աւետեց» տնտեսական բարեկարգումի նոր ծրագիրը, որպէսզի երկրին 45 միլիառ տոլարի հասնող նիւթական բացը վերածէ 50 կամ 55 միլիառ տոլարի», ըսաւ ան։
Արսլան շեշտեց, որ կառավարութիւնը նման քայլերով կ՚ուզէ հարուածել երկրին մէջ չքաւոր դասակարգին պատկանող բոլոր քաղաքացիները, այսինքն՝ լիբանանցի ժողովուրդին 80 առ հարիւրը։
Քաղաքական գետնի վրայ, խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի իշխանամէտ ուժերը ամբաստանեց Լիբանանի քաղաքական ներքին տագնապը լուծել միտող արաբական բոլոր նախաձեռնութիւնները ձախողեցնելու համար։
«Ախպար» օրաթերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ Պըրրի շեշտեց, որ եթէ իշխանամէտ ուժերը կը մերժեն Սէուտական Արաբիոյ միջնորդութիւնը եւ կը մոռնան Ռիատի կատարած բոլոր օժանդակութիւնները Լիբանանին, «ապա որո՞ւ պիտի դիմենք… Մեր առջեւ կը մնան միայն Քոմորեան կղզիները, եւ ես կը թելադրեմ, որ դիմենք անոնց», ըսաւ ան։
Պըրրի յայտնեց, որ իշխանամէտ «Մարտ 14»ի ուժերը հազիւ տեղեկացած, որ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը հանդիպում մը ունեցած է «Հըզպալլա»ի մէկ պատուիրակութեան հետ, շփոթի մատնուեցան։ «Աւելի՛ն. այդ հանդիպումին մասին իմանալէ ետք, երեսփոխան Ուալիտ Ճոմպլաթ փութաց սուր յայտարարութիւններ կատարելու եւ երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ ինծի գործակալի հանգամանք շնորհեց։ Իսկապէս զարմանահրաշ երեւոյթներու դարաշրջանի մէջ կ՚ապրինք», ըսաւ Պըրրի։
Պըրրի կառավարութիւնը նմանցուց այն հաւուն, որուն ոտքերը տիղմին մէջ խրած են, եւ ամէն անգամ, որ ան կը փորձէ իր ոտքերը դուրս բերել անկէ, կը մնայ հոն: Ան ընդգծեց, որ կառավարութիւնը ամբողջութեամբ ցեխին մէջ կրնայ խրիլ եւ խեղդուիլ, եթէ փորձէ խորհրդարանի լիագումար նիստ մը գումարել՝ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆէրիտ Մաքարիի նախագահութեամբ։
Միւս կողմէ, Լիբանանի քաղաքական տագնապը եւ Ֆրանսայի մէջ գումարուելիք Լիբանանի տնտեսական օժանդակութեան «Փարիզ 3» միջազգային խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները քննելու նպատակով Շաբաթ օր Սէուտական Արաբիա այցելեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Տուսթ Պլազի, խորհրդակցելով իր պաշտօնակից Սէուտ Ֆայսալի հետ: