ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Օտար դիւանագէտներ Երեքշաբթի, Փետրուար 6ին յայտարարեցին, թէ Լիբանանի քաղաքական տագնապին լուծում մը գտնելու նպատակով Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միացեալ նախաձեռնութիւն մը որոշ յառաջդիմութիւն կրցած է ապահովել, սակայն կողմերը կը շարունակեն իրարմէ հեռու մնալ:
Ընդդիմութեան մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ սէուտցի եւ իրանցի պաշտօնատարները քննած են լիբանանեան տագնապի լուծման տարազ մը, որ կը նախատեսէ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւն, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հետաքննութեան աւարտէն ետք միջազգային ատեանի կազմութիւն, հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւն, ապա կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններ: Սակայն, Լիբանանի մէջ համաձայնութեան մը գոյացումը Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ աւելի ընդարձակ համաձայնութեան մը կապելու փորձերը, ինչպէս նաեւ սէուտական եւ սուրիական յարաբերութեանց վատ վիճակը պատճառ դարձած են, որ յաւելեալ յառաջխաղացք չարձանագրուի:
Յայտնենք, թէ Երկուշաբթի օր Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղարի գրասենեակի տնօրէն Հիշամ Եուսուֆ Լիբանանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ, ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսայի այցելութիւնն ու անոր ժամկէտը ճշդելու նպատակով։
Լրագրողներուն հետ ունեցած կարճ զրոյցին ընթացքին Եուսուֆ խնդրեց, որ հանդիպումներն ու անոնց ընթացքին տեղի ունեցող քննարկումները մնան փակ դուռներու ետին, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը դուրս բերել այս բարդ կացութենէն։